
ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 10ին, Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով յայտարարեց, թէ պատրաստ է ներում շնորհելու արեւելեան Տոնեցք եւ Լուհանսք քաղաքներուն մէջ պետական շէնքեր գրաւող ռուսամէտ զինեալներուն, եթէ անոնք զէնքերը վար դնելով հեռանան շէնքներէն:
Յիշեցնենք, որ այս շաբթուան ընթացքին ուքրանական ուժերը կրցած էին Խարքովի պետական շէնք մը գրաւած զինեալները դուրս բերել շէնքէն, սակայն Տոնեցքի խորհրդարանը եւ Լուհանսքի ապահովական մարմիններուն պատկանող շէնք մը գրաւուած կը մնան տակաւին:
Տոնեցքի մէջ ռուսամէտ ուժերը արդէն իսկ իրենք զիրենք Ուքրանիայէն անկախ հռչակած են ու կոչ ըրած են Ռուսիոյ միանալու հարցով հանրաքուէ մը կազմակերպելու: Քիեւ աւելի կանուխ նաեւ տագնապը միջազգային միջնորդութեամբ լուծելու կոչ ըրած էր: