ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Ապրիլ 9ին, բանակը Սուրիոյ սահմանակից Արսալ քաղաքին մէջ կրցած է ձերբակալել ինքնաշարժ ականող վտանգաւոր յանցագործ մը եւ անոր 7 օգնականները:
Միւս կողմէ, բանակը Թրիփոլիի մէջ շարունակած է իր հետապնդումները՝ ձերբակալելով երկու յանցագործներ: Մինչ այդ, նոյն քաղաքի Սուրիա փողոցին վրայ Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին դարձեալ բախումներ արձանագրուեցան:
Նշենք նաեւ, որ բանակային շրջուն ջոկատ մը Աքքարի մէջ յարձակումի թիրախ դարձած էր, սպաննուած էր սպայ մը եւ վիրաւորուած էին քանի մը զինուորներ: Բանակը հետապնդած էր յանցագործը եւ կրցած շրջապատել զայն: Յանցագործը Ապրիլ 9ի կանուխ ժամերուն անձնասպան եղած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.