– Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ապրիլ 10ին հաղորդեց, թէ Ապրիլ 5ին աւարտած շաբթուան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու դիմումները իջած են 300,000ի, ինչ որ նուազագոյնն է Մայիս 2007էն ի վեր: Մարտ 29ի տուեալներով՝ ընդհանուր դիմումներուն թիւը 2.78 միլիոնի իջած է:
– Ռուսիոյ Դաշնակցային ապահովութեան սպասարկութիւնը Ապրիլ 9ին հաղորդած է, որ «Կովկասի էմիրութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան չեչեն ղեկավար Տոքու Ումարով «չէզոքացուած է»: Ումարով մասնակցած էր Ռուսիոյ դէմ տեղի ունեցած չեչեններու վերջին երկու ապստամբութեանց: Յունուարին, Ումարովի մահացած ըլլալուն մասին յայտարարութիւն մը կատարած էր Չեչենիոյ նախագահ Ռամազան Քատիրով, սակայն Մոսկուա այդ օրերուն չէր հաստատած տեղեկութիւնը:
– Ռուսիոյ հիւսիսային նաւատորմիղի հրամանատար Վլատիմիր Քորոլովք Ապրիլ 8ին յայտնած է. «Ռուսական նաւատորմիղին պատկանող 12 մարտանաւեր ներկայիս իրենց առաքելութիւնը Միջերկրական ծովուն մէջ կը կատարեն»:
– Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութիւնը կարիքաւոր երեխաներու համար տարեկան միջին հաշուով 3822 տոլար կը յատկացնէ, իսկ տարեցներու պարագային, այդ գումարը 25,455 տոլար է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.