ՊԷՅՐՈՒԹ, «Մանար».- Սուրիոյ բանակը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9ին Քալամուն շրջանին մէջ գտնուող Ռանքուս գիւղաքաղաքը առաւ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ: Գործողութեան ընթացքին սպաննուածներու շարքին եղած է իսլամ ծայրայեղականներու «Ճապհաթ Նուսրա»ի հրամանատարներէն Ապու Թալհա Պաղտատին:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, թէ սուրիական բանակը Ռանքուս գիւղաքաղաքին եւ անոր շրջակայքին մէջ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծած է: Նշենք, որ Ռանքուս, Լիբանանի սահմանակից Քալամուն շրջանին մէջ Եապրուտի գրաւումէն ետք՝ միակ գիւղաքաղաքն էր, որ տակաւին կը գտնուէր ընդդիմադիր զինեալներու հակակշիռին տակ: Աւելի ուշ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Ռանքուսի շուրջ գտնուող բլուրները առած է իր վերահսկողութեան տակ՝ կտրելով մատակարարման ճամբաները:
Սուրիական բանակը Ռանքուսի՝ Լիբանանի սահմանակից բաժինին վրայ եւս վերահսկողութիւն հաստատած է:
Քաղաքական գետնի վրայ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ ճշդուած թուականին՝ Յուլիսին: Ըստ անոր՝ թեկնածուներու դիմումները պիտի սկսին ընդունուելու Ապրիլ 20ին: «Սուրիոյ քաղաքացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կողմ է, որ Պաշշար Ասատ շարունակէ երկիրը ղեկավարել», ըսած է ան:
Նախագահ Պաշշար Ասատ, որուն պաշտօնավարման երկրորդ շրջանը իր աւարտին կը մօտենայ, տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարած, որ մտադիր է իր թեկնածութիւնը առաջադրել, սակայն փորձագէտները կ՛ենթադրեն, թէ ան պիտի պահէ իր պաշտօնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.