
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Մարտ 28ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հսկումի արարողութեան եւ փոխանցեց իր պատգամը:
Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2014 տարին հռչակած էր «Տարեցներու Տարի», նախաձեռնութեամբ Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին եւ մասնակցութեամբ Կիրակնօրեայի աշակերտութեան իրագործուեցաւ Տարեցներու Տարուան նուիրուած իւրայատուկ ու տպաւորիչ ծրագիր մը՝ հոգեւոր եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ։ Արարողութեան ներկայ էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեան հետ համախորհուրդ, Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը որոշած էր Հսկումի արարողութեան ընթացքին առիթ տալ ութ մեծ մայրերու եւ մեծ հօր մը, որ դպիրի շապիկներ հագած ու դէմ առ դէմ կանգնած՝ փոխն ի փոխ ընթերցեն Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոսովանիմ»ը։
Ընթերցումի աւարտին, խօսք առաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսուչ Յակոբ Ջաղացպանեանը։ Ան անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին կողմէ 2003ին սկսած սոյն գեղեցիկ աւանդութեան, որ իւրաքանչիւր տարի կը ձօնուի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ աղերս ունեցող արժէքի մը, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր հայրենիքի հզօրացման համար: Իր խօսքը շարունակելով՝ տեսուչը ըսաւ. «Արձագանգելով վեհափառ հայրապետի կոչին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանն ալ ուզեց իր մասն ու բաժինը ունենալ մեր տարեցները յարգելու ուղղութեամբ։ Որպէս երէց սերունդի ներկայացուցիչներ, հրաւիրեցինք այն մեծ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները ու նաեւ իրենց թոռները Կիրակնօրեայ առաջնորդելով՝ յանձնած են զանոնք քրիստոնէական դաստիարակութեան»:
Ապա, հոգեւոր խորհրդածութենէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Մէջբերումներ կատարելով վեհափառ հայրապետի խօսքերէն՝ սրբազանը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Կիրակնօրեայի ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան, ծնողներուն, մեծ ծնողներուն ու համայն հաւատացեալներուն:
Իր խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը թելադրեց մեծ ծնողներուն, որ իրենց բարեմաղթութիւնները, ուղղութիւնները, թելադրանքը, աղօթքներն ու սրտի խօսքերը գրաւոր ուղղեն իրենց թոռնիկներուն, որպէսզի զանոնք ի մի հաւաքելով՝ գեղեցիկ փունջ մը կազմուի եւ գրքոյկ մը հրատարակուի՝ նուիրուած Տարեցներու Տարուան, ինչպէս անցեալ տարի իրականացած նման ծրագիրը՝ Հայ Մօր Տարուան առթիւ, երբ Ազգ. առաջնորդարանը հրատարակեց աշակերտական մաղթանքներու եւ աղօթքներու յատուկ գրքոյկ մը։
Երեկոն իր աւարտին հասաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանի»չ աղօթքով: