
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Սթեֆըն Մարքս Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ին մէկ տարուան բանտարկութեան եւ վնասուց հատուցման վճիռներ սահմանեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Ճան Տրայմենի, որ երկու տարի առաջ ամբաստանուած էր քաղաքի «Հողագործներու շուկայ»էն («Ֆարմըրզ Մարքէթ») աւելի քան 300,000 տոլար շորթելու եւ նահանգային տուրքերէ խուսափելու յանցանքներով:
Տրայմենը «գող» անուանած դատաւորը, բանտարկութեան վճիռին կողքին, մօտաւորապէս 320,000 տոլարի վնասուց հատուցում վճարելու պայման դրած է անոր: Տրայմեն 2004էն 2011ի միջեւ առնուազն 304,000 տոլար գողցած էր «Հողագործներու շուկայ»էն, որուն պատասխանատուն էր ինք՝ նախքան քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուիլը: Ան քաղաքապետական խորհուրդի անդամ էր 2007էն 2011ի միջեւ եւ երկու առիթներով ստանձնած էր նաեւ քաղաքապետի պաշտօնը: