ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».– Ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը կոչ ուղղած է հանդիպում մը կայացնելու խորհրդարանական փոքրամասնութիւն կազմող չորս խմբակցութիւններու առաջնորդներուն միջեւ, որոնք վերջերս քաղաքական շարք մը հարցերու առնչութեամբ կը համագործակցին: Վերջին ներքաղաքական փոփոխութիւններու պարունակին մէջ կուսակցութիւնը այս հանդիպումը կը նկատէ հետագայ համագործակցութեան անհրաժեշտ պայման:
Կուսակցութիւնը 7 Ապրիլին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ, ուր արձագանգած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրաժարականին, որ միասնական համաձայնեցուած օրակարգ դարձած էր չորս կուսակցութիւններուն, որոնց կարգին «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, Հայ Ազգային Կոնգրեսի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար:
Չորս կուսակցութիւնները նախատեսած էին 28 Ապրիլին խորհրդարանին մէջ հանդէս գալ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու նախաձեռնութեամբ՝ միաժամանակ երեք օր շուրջօրեայ հանրահաւաքներ կազմակերպելով մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ ի սատարումն իրենց պահանջքին:
Քաղաքական դիտորդները կը նշեն, որ Սարգսեանի հրաժարականը աւելի կը դժուարացնէ փոքրամասնութիւն կազմող համախոհներու կամ այսպէս կոչուած «հրաշալի քառեակ»ի համագործակցութիւնը շարունակելը:
«Գտնում ենք, որ այժմ առաջնային է դարձել չորս քաղաքական ուժերի օրակարգում մինչ օրս տեղ գտած, սակայն ինչ ինչ պատճառներով չիրականացուած կուսակցութիւնների ղեկավարների հանդիպումը», գրած է «Ժառանգութիւն»ը՝ աւելցնելով, որ այս հանդիպման ընթացքին առաջին դէմքերու մակարդակով համաձայնութիւն ձեռք պիտի բերուի՝ հետագայ քայլերու մարտավարութեան եւ համատեղ պայքարի ռազմավարութեան վերաբերեալ:
«Այդ հանդիպումը մենք դիտում ենք խորհրդարանական չորս խմբակցութիւնների մաս կազմող ուժերի յետագայ համագործակցութեան անհրաժեշտ պայման», ընդգծած է կուսակցութիւնը։
Ի տարբերութիւն «Ժառանգութեան» եւ ՀԱԿին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնն եւ Դաշնակցութիւնը չեն պահանջեր նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը՝ սահմանափակուելով միայն վարչապետի եւ կառավարութեան փոփոխութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.