ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան 3 Ապրիլին Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղին մէջ հանդիպում ունեցած է Պռոշեանի նախկին գիւղապետ, 2 Ապրիլ 2013ին սպաննուած Հրաչ Մուրադեանի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն հետ:
Ան ներկայացուցած է սոյն գործով ընթացող նախաքննութեան ընթացքը, կատարուած հետախուզական եւ քննչական աշխատանքները: Ան ներկայացուցած է նախաքննական մարմինին կողմէ մինչ օրս ձեռնարկուած քայլերը, պարզաբանած է նախաքննութեան ընթացքին վերաբերեալ հարազատները յուզող խնդիրները, պատասխանած է անոնց հարցումներուն։
Հ. Մուրադեանի հարազատներուն հետ հանդիպումէն առաջ Գէորգ Կոստանեանը անգամ մը եւս այցելած է դէպքի վայր, հանդիպում ունեցած է նաեւ Պռոշեան աւանի բնակիչներուն հետ, անոնց եւս բացատրած է նախաքննական մարմինի կատարած աշխատանքները, նաեւ յորդորած է դէպքին վերաբերեալ որեւէ տեղեկատուութիւն, որ կրնայ օգնել նախաքննական մարմինին, որեւէ փաստ, հանգամանք, ներկայացնեն անձամբ իրեն՝ երաշխաւորելով պահպանել տեղեկատուութիւն տրամադրողին թէ՛ գաղտնիութիւնը, թէ՛ անվտանգութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.