
Ժամանակի զգացողութիւնն ու ժամացոյցի զարկերը անգամ մը եւս յիշեցուցին, որ Մեծ Պահքը հասած է իր կիսուն։ 2014 թուականի գարնանամուտի առաջին աւանդական Միջինքը նշելու նպատակով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, Մարտ 26ին կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պօղոսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն մը:
Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մերի Ջաղացպանեան, փոխանցելով ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքը՝ հաստատեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին հայկական աւանդութիւններու պահպանման ջատագովն է, տէրն ու պաշտպանն է իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հարստութեանց։ Ապա անդրադառնալով Արամ Ա. կաթողիկոսի հռչակագիրին՝ 2014 տարին Տարեցներու Տարի հռչակելու մասին, ան ողջունեց ներկայ երէցները, որոնք արժանի են յարգանքի, սիրոյ, ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի։
Մերի Ջաղացպանեան, որ նաեւ վարեց ձեռնարկի ողջ ընթացքը, սեղաններու օրհնութեան համար հրաւիրեց Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանը։ Սեղաններու օրհնութենէն ետք Արտակ քահանայ գնահատեց հայ ազգային աւանդութիւններու հետեւորդ՝ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին տարած կազմակերպչական աշխատանքը։ Աւանդական Միջինքի պատգամը փոխանցեց Ռոզաննա Ուլիկեանը։ Նշելով, որ քառասնօրեայ Մեծ Պահքը հասած է իր կիսուն՝ ան հաստատեց, որ որպէս հայ քրիստոնեաներ, պահեցողութեան հետեւորդներէն կը պահանջուի զոհողութիւն։ Թէպէտ անիկա յատուկ եկեղեցական կամ ժողովրդային արարողութիւն չունի, սակայն այս շրջանին, ըստ եկեղեցւոյ կանոնին՝ պատարագի ընթացքին կ՛երգուին յատուկ շարականներ։ Բանախօսը գրաւոր ժառանգութենէն տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ նշեց, թէ Լիբանան եւ Սուրիա իր ապրած տարիներուն, իրենց հայրենի երկրէն տարհանուած եւ Լիբանան ու Սուրիա հաստատուած Մարաշէն, Այնթապէն ու Մուսա լեռէն հայ գաղթականները պահապանը եղած են իրենց աւանդութեանց, որոնք բանախօսին կեանքը դարձուցած են իմաստալից։
Ամփոփելով Միջինքի սովորութիւնները, որոնք են՝ եկեղեցւոյ օրհնուած ջուրով բաղարճի պատրաստումը, ուլունի զետեղումը՝ բախտ փորձելու, բացօթեայ պտոյտներ, փոխայցելութիւնն եւ հարսնատեսութիւն, բանախօսը իր խօսքի աւարտին ընթերցեց Եզովփոսի ուսուցանելի առակներէն մին՝ կարմիր գիծ մը քաշելով պահեցողութեան հետ, ըլլալու համար ժուժկալ ոչ միայն մարմնական, այլեւ բարոյական կեանքէն ներս, ապա արժեւորեց նուիրեալ աշխատանքը հայ տանտիկիններուն՝ որպէս ճշդապահ ու բարեպաշտ, որոնք եկեղեցւոյ պարիսպներէն ներս կը շարունակեն պահպանել հայկական աւանդութիւնները։
Հին դարերէն մինչեւ մեր նորագոյն օրերը սեղանի շուրջ բոլորուելու նպատակը նոյնը ըլլալով հանդերձ, այն այսօր բարեփոխուած է իր իւրայատուկ եւ եզակի ոճով։ Այդ հաճելի վայրկեանները վայելելու նպատակով, ատենապետուհի Մերի Ջաղացպանեան հրաւիրեց Աղաւնի Սէմէրճեանը՝ յուշանուէրով մը արժեւորելով զայն. Աղաւնի Սէմէրճեանը ամէն տարի, սիրայօժար կերպով կը պատրաստէ համեղ ու զարդարուած «ոսպով քիւֆթան», Միջինքի առթիւ:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով, Ռոզաննա Ուլիկեանի հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններու արտասանութենէն ետք, Մերի Ջաղացպանեան բեմ հրաւիրեց հայրենի երգչուհի Սալբի Մայիլեանը։ Սիրուած երգչուհին իր երգացանկով խանդավառեց մթնոլորտը եւ առիթ ընծայեց ներկաներուն մասնակից դառնալու երգին ու պարին։
Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։
Հայրենազուրկ ու հայրենակարօտ ժողովուրդի մը համար, հայրենական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները ներշնչման ու կենսաւորման աղբիւր են, առաւել՝ անցեալին հետ հոգեկան հաղորդակացութեան կապ, որ նաեւ արձագանգն է հայ ժողովուրդի արեան կանչին։