ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մարտ 23ին տեղի ունեցաւ «Սա Երեւանն Է» համերգը, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Նարեկ» մշակութային հիմնարկին կողմէ, որ կը տօնախմբէր իր հիմնադրութեան 25րդ տարեդարձը, եւ ձօնուած էր Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանին:
Հանրածանօթ եւ նշ-անաւոր 12 արուեստագէտներ՝ Հայաստանէն, կատարեցին 1970ական թուականի ժողովրդային հայերէն երգեր:
Համերգի ընթացքին նշանաւոր հայ երգահան Կոստանդին Օրբէլեան պատիւի արժանացաւ՝ երաժշտական մարզէն ներս իր արձանագրած մեծ յաջողութիւններուն եւ հայ երաժշտութեան մատուցած իր անթիւ ծառայութիւններուն համար:
Ձեռնարկի փակման խօսքին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր օրհնութիւնները փոխանցեց «Նարեկ» հիմնարկի հիմնադիր եւ նախագահ Ռիմա Սարեանին եւ քաջալերեց զինք, որ հաստատ մնայ փոքրիկներու սիրտերուն մէջ հայ ժողովուրդի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը դրոշմելու գործին մէջ:
«Նարեկ» մշակութային հիմնարկը, որ հիմնուած է 1989ին, գլխաւոր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր նախաձեռնած ամէնօրեայ խնամակալութեան (day care) եւ հայ փոքրիկներու Շաբաթօրեայ դպրոցին վրայ: Ամէնօրեայ խնամակալութիւնը կ՛ընդունի 2-5 տարեկան փոքրիկներ եւ ցարդ ունի շուրջ 90 փոքրիկ: Շաբաթօրեայ դպրոցը ունի 400 աշակերտ եւ կ՛արձանագրէ աւելի մեծ տարիք ունեցող փոքրիկներ՝ հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի ուսուցման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.