
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 26ի յետմիջօրէին, Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր եղբայրակցութեան վարչութեան անդամները այցելեցին Ազգ. առաջնորդարան: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան սիրալիր ընդունելութեամբ դիմաւորեց հիւրերը եւ ողջունեց անոնց ներկայութիւնը Ազգի տան մէջ: Սրբազան հօր կողքին ներկայ էր Պօղոս աբղ. Թինքճեան:
Միտքերու եւ մտահոգութիւններու փոխանակումէ ետք, վարչութեան անդամները միաբերան եւ միախորհուրդ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին առաջնորդի զօրակցութեան եւ խորհրդատուութեան: Սրբազանը, իր կարգին, պատրաստակամութիւնը վերահաստատեց աջակցութեան եւ հովանաւորութեան՝ շեշտելով հաւատարմութեան եւ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դաւանանքէն ու ուսուցումներէն չշեղելու անհրաժեշտութիւնը:
Հոգեւոր եղբայրակցութեան վարչութեան անդամները, որդիական երախտագիտութեան իբր արտայայտութիւն, Ազգ. առաջնորդարանին փոխանցեցին նուիրատուութիւն մը՝ բարեսիրական որեւէ աշխատանքի մը յատկացնելու փափաքով: Առաջնորդը փոխադարձաբար հիւրերուն նուիրեց Հայ Մօր Տարուան առթիւ լոյս տեսած «Աշակերտական Աղօթքներ» գիրքէն օրինակներ եւ յաջողութիւն մաղթեց եղբայրակցութեան ապագայ ծրագիրներուն: