
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր լրատուամիջոցները աշխուժօրէն կը լուսաբանեն Քեսապի շուրջ վերջին իրադարձութիւնները: Մասնաւորապէս թր-քական «Տեմոքրաթ Հապեր» լրատուական կայքը, յղում կատարելով քեսապահայերէ ստացուած տեղեկութիւններու՝ կը յայտնէ, թէ Քեսապէն հեռացած հայերու տուները թալանող յանցագործները թրքերէն կը խօսէին:
Թերթը ապա կը մէջբերէ Քեսապի բնակչուհի Անի Պոյմուշակեանի վկայութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ան հեռաձայնած է Քեսապի Հայկական աւետարանչական եկեղեցի, ուր իրեն պատասխանած են թրքերէնով: Այլ հայու մը եւս թրքերէնով պատասխանած են, երբ ան Լաթաքիա հասնելէ ետք՝ հեռաձայնած է Քեսապի իր բնակարանը: