ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ հիմնադրուած «Հալէպ» հայրենակցական-բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն դրամական օգնութիւն պիտի տրամադրէ քեսապահայերուն:
«Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կազմակերպութեան Արտաքին կապերու բաժնի տնօրէն Սարգիս Պալխեանը նշեց, որ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին թրքական-սուրիական սահմանի մերձակայքը եւ Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող Քեսապ գիւղաքաղաքին վրայ կատարուած յարձա-կումները նաեւ իրենց կազմակերպութեան ուշադրութեան առարկայ դարձած են:
«Քեսապը դարերու ընթացքին հայկական գիւղ եղած է Սուրիոյ տարածքին, եւ, բնականաբար, Քեսապի բնակիչներուն հետ անմիջական կապի մէջ ենք եւ կը գիտակցինք անոնց դիմագրաւած դժուար պայմաններուն: Յառաջիկայ մէկ-երկու ամսուան ընթացքին կը ծրագրենք կազմակերպութեան միջոցով հաւաքուած գումարները փոխանցել Լաթաքիոյ Շտապ օգնութեան մարմինին, որպէսզի իրենք փոխանցեն Քեսապէն դուրս եկած սուրիահայերուն, որոնք տեղափոխուած են Լաթաքիա», յայտնեց Պալխճեան:
Անոր համաձայն՝ կամաւորներէ կազմուած «Հալէպ» կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակն է մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել սուրիահայ բոլոր կարիքաւոր մարդոց:
«Մեր անդամները սուրիահայեր են, Սիրիոյ մէջ բաւական մեծ կապեր ունինք: Մեր կազմակերպութիւնը մարդասիրական ուղղուածութիւն ունի եւ քաղաքական բնոյթ չի կրեր: Նկատի ունենալով այն, որ մենք՝ սուրիահայերս Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներ ենք, եւ գիտակցելով, որ սուրիացի ժողովուրդը մեզ հիւրընկալած է Սուրիոյ մէջ, մենք որոշեցինք, որ սուրիացիները, որպէս թիրախ, անկախ անկէ՝ հա՞յ են, թէ՞ արաբ, մեր կողմէ օգնութիւն պիտի ստանան», յայտնեց Պալխճեան։
Յայտնենք, որ Մարտ 26ին Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ ՄԱԿի գաղթականներու գերագոյն յանձնակատարը եւ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական կազմակերպութիւնը նախաձեռնած էին համերգի՝ նուիրուած Սուրիոյ մայրերու տօնին:
Համերգին նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցել սուրիահայ մայրերուն՝ իրենց նուիրուածութեան, ազգային արժէքներու պահպանման, անսահման քաջութեան եւ համբերութեան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.