
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յառաջիկայ Շաբաթ, Մարտ 29ի երեկոյեան, Պոլսահայ համայնքին համար շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Պաքըրգիւղի մէջ։
Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Աթեշ Իւնալ Էրզենի նախաձեռնութեամբ, այդ գիշեր, Եունուս Էմրէի անուան մշակոյթի կեդրոնին մէջ պիտի ներկայացուի յայտնի բեմադրիչ Այթեքին Էօզենի կողմէ գրուած ու բեմադրուած թատերախաղ մը, որ կը կոչուի «Մեղեդիի Մը Ճակատագիրը»։ Խաղը հիմնուած է Սարգիս Թորոսեան անունով հայու մը դաժան կեանքի պատմութեան վրայ. հայ մը, որ Չանաքքալէի պատերազմին հերոսական մասնակցութիւն բերած է, զանազան ծառայութիւններ մատուցած ըլլալով հանդերձ՝ ապրած իր ընտանիքին տեղահանուած ու սպաննուած ըլլալու դառնութիւնը եւ ինք եւս զոհ գացած այս փոթորիկին։
Սարգիս Թորոսեանի պատմութիւնը արդէն իսկ բանավէճի նիւթ դարձած էր մօտիկ անցեալին: Ոմանք կը պնդէին, թէ Սարգիս Թորոսեան անունով մարդ գոյութիւն չէ ունեցած եւ իր մասին պատմուածները սուտ են։ Բայց ուրիշներ փաստած են, թէ ան իրապէս մասնակցած է Չանաքքալէի պատերազմին ու հերոսական նպաստ բերած է։
Էօզենի թատերախաղը կը մեկնի այս պատմութենէն ու կը խոստանայ դառնալ մեծ իրագործում մը, որ սնունդ պիտի առնէ նաեւ հայկական հրաշալի պարերէ։ Հայ արուեստագէտներ, թէ խաղարկութեան եւ թէ պարային ցոյցերուն լայն մասնակցութիւն պիտի բերեն՝ թուրք բազմաթիւ արուեստագէտներու կողքին. անոնք Պաքըրգիւղէն յայտնի դէմքեր են, ինչպէս՝ Յակոբ Կիւլէչ, Գէորգ Թաշքըրան, Նարօտ Նայիր Կիւլէչ, Տիգրան Թաշ, Գոհար Պետրոսեան, Լիւսի Աւճը Սեքիզքարտաշ եւ Նազելի Եարտըմ:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն կարգին են Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Վարդան Էրքօլ, Հերմինէ Պենլիօղլու եւ Մինաս Օֆլազ։
Թուրք մասնակիցները պարտականութիւն կը նկատեն տեղահանութեան ու հայերու դէմ գործուած սպանդներուն վրայ հիմնուած այս խաղը ներկայացնելը։