
ՄԻՇԵՐՖԷ, Սուրիա, «Էյ.Փի.».- Սուրիական բանակէն հրամանատար մը Հինգշաբթի, Մարտ 27ին յայտնած է, թէ Քեսապը վերագրաւելու գործողութիւնը ընթացք առած է եւ բանակը արդէն իսկ որոշ յառաջխաղացք արձանագրած է: Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող հրամանատարը յայտնած է, թէ բանակը Քեսապի վրայ կը յառաջանայ Նապաան եւ Ղասթալ Մաաֆ գիւղերէն:
Բանակը հրետանիներով եւ ռազմական օդանաւերով կը ռմբակոծէ Քեսապի մէջ գտնուող իսլամ ծայրայեղական ու «Քայիտա»ի դաշնակից «Ճապհաթ Նուսրա»ի զինեալներուն դիրքերը:
Ըստ տեղական աղբիւրներու՝ Հինգշաբթի օր թէժ մարտեր տեղի ունեցած են Քեսապի շուրջ. Միշերքէի մէջ տեղակայուած սուրիական բանակի հրետանին ամբողջ օրը ռմբակոծած է Քեսապի դիրքերը: Բանակը նաեւ պայթուցիկ նիւթերով լեցուն տակառներ նետած է ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող «Դիտարան թիւ 45» բլուրին վրայ, որ ընդդիմադիրներուն ձեռքը անցած էր քանի մը օր առաջ:
Միւս կողմէ, «Մարմարա»ն Մարտ 27ին շեշտը դրած է Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող եւ մեծամասնութեամբ հայաբնակ Քեսապի պարպուելուն պատճառով՝ Անգարայի հասցէին կատարուած քննադատութեանց վրայ, նկատի ունենալով, որ ահաբեկչական ուժերը Թուրքիոյ սահմաններէն ազատօրէն Սուրիա անցած են՝ իրենց զինամթերքը իրենց հետ բերելով։ «Այս մասին միայն հայկական աղբիւրներ չեն որ ահազանգ հնչեցուցած են երկու օրէ ի վեր, այլ միջազգային շրջանակներ եւս կը պնդեն, թէ Թուրքիա ազատ ընթացք կու տայ այն ահաբեկիչներուն, որոնք Սուրիա կ՛անցնին ու կը մտնեն Սուրիական ազատ բանակ կոչուած ապստամբ ուժերու շարքերէն ներս։ Կը պնդուի, որ Թուրքիա յստակ կերպով կ՛օժանդակէ Սուրիական ազատ բանակին, որ կը կռուի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կանոնաւոր բանակին դէմ», կը գրէ «Մարմարա»։
Թրքական մամուլը Մարտ 27ին արձագանգ հանդիսացաւ նաեւ յունական համացանցային կայքով մը հաղորդուած մէկ լուրին, ըստ որուն՝ թրքական հրասայլեր եւ ուղղաթիռներ սահմանէն անցած են՝ օժանդակելու համար մասնաւորաբար Քեսապի շրջաններուն մէջ կռուող Սուրիկան ազատ բանակի ուժերուն։ Կայքը աւելցուցած է, թէ թրքական «Էֆ. 16» ռազմական օդանաւեր նոյնպէս շարունակաբար թռիչքներ կը կատարեն սահմանագիծին վրայ, իսկ Սուրիական ազատ բանակի վիրաւորները թրքական հիւանդատար կառքերով Թուրքիա կը բերուին դարմանումի համար: