ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթին մէջ, Լիանա Աղաճանեան անդրադարձած է Կլենտէյլի ոստիկանութեան անդամներէն Լոլա Աբրահամեանի պատմութեան՝ նշելով, որ ինք երբեք ոստիկան դառնալու մտադրութիւն չէ ունեցած, սակայն այդ ոլորտին հանդէպ հետաքրքրութիւնն ու պատահական հանդիպումը ամբողջովին փոխած են իր կեանքը:
Մասնագիտութեամբ կենսաբան՝ Աբրահամեան 14 տարի առաջ անակնկալօրէն հասած է այն եզրակացութեան, որ ոստիկան ըլլալը աւելի հետաքրքրական ու նպաստաւոր է: «Սկիզբը շատ դժուար էր. ոչ ոք լրջութեամբ կը մօտենար փափաքիս՝ որեւէ կապ չտեսնելով իմ մասնագիտութեան ու ոստիկան ըլլալու ցանկութեանս միջեւ», պատմած է հայազգի ոստիկանը: Այնուհանդերձ, երկար մտորումներէ ետք, Աբրահամեան տուած է իր վերջնական որոշումը:
Կլենտէյլի ոստիկանական ծառայութեան մէջ երեք տարի իբրեւ պահեստի ոստիկան ծառայելէ ետք, ան, շնորհիւ իր ցուցաբերած հմտութիւններուն՝ 2010ին ստացած է տեղակալի կոչում, իսկ անցեալ տարի նշանակուած է Կլենտէյլի հիւսիսային շրջանի ոստիկանութեան պետ:
Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ հայազգի ոստիկանը կոտրած է այն կարծրատիպերը, ըստ որոնց՝ կան որոշ մասնագիտութիւններ, որոնք բնորոշ են միայն արական սեռի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ընէ բոլոր կանանց՝ հետեւելու Լոլայի օրինակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.