ԹԱՀԱՆԿԱ.- Մարտ 18ին կայացած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ մեծարած է իր ընտրատարածքէն (թիւ 28) ներս գործող խումբ մը կանայք՝ նկատի ունենալով անոնց կարեւոր ներդրումները իրենց համայնքներուն մէջ:
Շիֆի կողմէ «Տարուան Կինը» կոչումին արժանացած են 13 կիներ, որոնցմէ մէկն էր Սոնիա Թաթուլեանը: Թաթուլեան ծնած է Հայաստան ու գաղթած է Միացեալ Նահանգներ 1974ին: Շարք մը ասպարէզներ փոխելէ ետք, ան ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է գործարարներու յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով խորհրդատուութեան մարզին վրայ, դրամատուներու մէջ իր աշխատանքին միջոցաւ: Ան նաեւ գործօն մասնակից մըն է համայնքի կեանքին՝ մաս կազմելով զանազան կազմակերպութեանց եւ ըլլալով Սանլենտ-Թահանկա առեւտուրի գրասենեակի նախագահը:
Շիֆ նաեւ իւրաքանչիւր մեծարեալի գործունէութեան մասին արձանագրութիւն մը պիտի կատարէ Քոնկրեսի արխիւներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.