
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակներու համակարգին դէմ բողոքող «Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները շուրջ յիսուն ինքնաշարժներով 20 Մարտին՝ ժամը 12:30էն սկսեալ շրջապտոյտ ըրին Հանրապետութեան հրապարակի գորգին շուրջ եւ բարձրախօսով քաղաքացիներուն յայտնեցին, թէ 22 Մարտին տեղի պիտի ունենայ մեծ հանրահաւաք:
Անոնք իրենք ինքնաշարժներուն վրայ փակցուցած էին թռուցիկներ, որոնց վրայ գրուած է 22 Մարտին Ազատութեան հրապարակին վրայ կայանալիք մեծ հանրահաւաքին օրը, ժամը, նպատակը:
«Միացէ՛ք պայքարին, ցուցաբերէք միասնականութիւն, միացէ՛ք պայքարին, որը հակասահմանադրական օրէնքի դէմ է: Պէտք է պայքարենք, որ Հայաստանի քաղաքացին իր երկրում ապրի արժանապատիւ, այդ իսկ պատճառով բոլորին կոչ ենք անում ամսի 22ին, ժամը 14:00ին գալ Ազատութեան հրապարակ, միանալ համազգային պայքարին», յայտարարեցին անոնք։
Հրապարակի գորգին շուրջ դարձող մեքենաները խճողումի պատճառ եղան, իսկ երթեւեկը կանոնաւորեցին տասնեակ մը ոստիկաններ:
Ժամը 13:30ին ինքնաշարժները Հանրապետութեան հրապարակէն ուղղուեցան դէպի Աբովեան պուրակ, ուր եւս շրջագայեցան:
«Դէմ եմ» խումբի անդամները Խաչատուր Աբովեանի արձանին մօտ դիմաւորուեցան մեծ թիւով ոստիկաններու կողմէ: Հակառակ տուգանք ստանալու վտանգին՝ ինքնաշարժով երթին մասնակիցները մնայուն կերպով իրենց շչակները սեղմած էին: Անոնց կ՛աջակցէին նաեւ այլ վարորդներ:
«Աւտօերթը իրազեկման օրիգինալ ձեւ է, մեքենաների ազդանշաններով ցանկանում ենք հասկացնել, որ մենք դէմ ենք նոր օրէնքին, սրանով ցոյց ենք տալիս, որ բոլորիս իրաւունքները ոտնահարւում են: Մենք իրազեկման համար դիմում ենք բոլոր օրիգինալ ձեւերին», «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է նախաձեռնութեան անդամ Յակոբ Արշակեանը:
«Դէմ եմ» նախաձեռնութեան անդամները շուրջ կէս ժամ Խաչատուր Աբովեանի արձանին շուրջ շրջան ընելէ ետք ուղղուեցան Մաշտոցի պողոտայ, ապա գացին իրենց աշխատանքին: