ՊՈՆՏՍԹԻԼ, «Արմէնփրէս».– Քոսովոյի մէջ խաղաղարար առաքելութեան մասնակցող հայ զինուորներ Հարաւային Տաքոթայի ազգային զօրախումբի զինուորներուն հետ մասնակցած են օդային արագ արձագանգման դասընթացքներու, որոնք տեղի ունեցած են 12 Մարտին, Պոնտսթիլ ճամբարին մէջ: Դասընթացքին նպատակն է ուսուցանել եւ մարզել ամերիկացի եւ հայ զինուորները՝ արագ եւ ապահով բարձրանալու եւ իջնելու «UH-60 «Սեւ բազէ» ուղղաթիռներով: «Իմ զինուորների մեծ մասը երբեք ուղղաթիռ չի նստել: Մենք ցանկանում ենք երաշխաւորել, որ բոլորը յարմար կը զգան ուղղաթիռով թռչելիս եւ ապագայում չեն վախենայ», նշած է հայկական դասակի հրամանատար, զօր. Սլաւիկ Աւետիսեանը:
Դասընթացքը աւարտած է Նովօ Սելօ ճամբարին մէջ, որ հայ խաղաղապահներու պատասխանատուութեան տակ գտնուող հիմնական տարածքն է:
Նշենք, որ Քոսովոյի մէջ հայ խաղաղապահները առաքելութիւն կը կատարեն «Արեւելք» բազմազգեան մարտական խումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.