
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի քաղաքապետը աւագանիի նիստին ընթացքին անդրադարձած է հասարակական փոխադրութեան սակի բարձրացման վերաբերող շրջան ընող լուրերուն եւ յայտարարած, որ ուղեվարձքը 1 Ապրիլէն սկսեալ պիտի չաւելնայ։
«Տեւական ժամանակ է, ինչ որոշ լրատուամիջոցներ ժամկէտներ են հրապարակում, թէ այսինչ օրը ուղեվարձը կը թանկանայ: Վերջին այդպիսի հրապարակումն այսօր էր, որտեղ ասւում էր, որ ուղեվարձն այս տարուայ Ապրիլի 1ից թանկանալու է: Պաշտօնապէս յայտարարում եմ, որ ուղեվարձը այս տարուայ Ապրիլի 1ից չի թանկանալու», յայտարարած է Տարօն Մարգարեան:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն՝ Մարգարեան նման տեղեկութիւններ տարածողներուն խորհուրդ տուած է «գուշակութեամբ չզբաղուել»: