
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ անցած շաբաթավերջին մեծ յաջողութեամբ ընթացան «Գառնի» թատերախումբի «Հին Աստուածներ» մենաթատրոնի ներկայացումները, բեմադրութեամբ՝ Արամ Գույումճեանի, խաղարկութեամբ՝ Արամ Մուրատեանի: Ամերիկեան թատերական աշխարհի «Էլի» մրցանակներու տիրացած թատերագիր-բեմադրիչ Գույումճեանը դասական «Հին Աստուածներ» թատրերգութիւնը վերափոխելով մենաթատրոնի՝ զայն հայ հանդիսատեսին կը ներկայացնէ նոր մեկնաբանութեամբ, գեղագիտական նոր ըմբռնումով եւ արդի թատրոնի ժամանակակից սկզբունքով:
«Հին Ատուածներ» մենաթատրոնը կ՛անդրադառնայ մարդկային հոգիին եւ մարմինին միջեւ ծագած խուլ պայքարին, երբ կղզիի մը վրայ ճգնող աբեղան, փոթորիկի մը ընթացքին խեղդամահ ըլլալէ կը փրկէ երիտասարդուհիի մը՝ Սեդայի կեանքը: Այդ դէպքէն ետք, աբեղան կ՛ապրի սիրոյ տուայտանքը, որ կասկածի կ՛ենթարկէ երիտասարդի ներքին հաւատքն ու աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու սկզբունքային որոշումը՝ դիպաշարի տրամաթիք զարգացումով:
Համազգայինի հովանաւորութիւնը վայելող «Գառնի» թատերախումբը իր հիմնադիրին՝ բեմադրիչ Գույումճեանի հետ, նախանձախնդրութիւնն ունի ներկայ բեմադրութեամբ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի կեանքին մէջ ստեղծելու թատերա-գեղարուեստական որակ եւ ընկալչութիւն՝ արհեստագիտական նորագոյն հնարաւորութիւններու օգտագործումով:
Յայտնենք, որ «Հին Աստուածներ» մենաթատրոնը պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի, 23 Մարտ: Մեր խորին համոզումն է, որ ինչպէս անցեալ շաբաթները, այս շաբաթավերջին եւս NoHo Arts Center-ը (11136 Magnolia Blvd., North Hollywood) կը հիւրընկալէ հայորդիներու բազմութիւն մը: Տոմսերու համար, կարելի է դիմել www.itsmyseat.com/garni կայքէջ կամ (626) 869-7328 թիւին: