

ՖՐԵԶՆՕ.- Կիրակի, Մարտ 2ին, Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան ընդհանուր ժողովը, ներկայութեամբ աւելի քան երեսուն հայրենակիցներու:
Վարչութիւնը ճաշով հիւրասիրեց ներկաները:2 Ապա, վարչութեան ատենապետ Ճորճ Քէրքէզեան,
Ապա ան ժողովը բացուած յայտարարեց: Միաձայնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ Սարգիս Փանոսեան եւ ատենադպիր Արա Քէնտրճեան:
Ժողովի նախագահը բարի գալուստի խօսքէն ետք իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ շրջապատուած է տարեց հայրենակիցներով, որոնց ներկայութիւնը մեզ կը քաջալերէ, այս օտար ափերուն վրայ, պահելու եւ պաշտպանելու մուսալեռցիի տոհմիկ աւանդութիւնները:
Ատենադպիրը ներկայացուց օրակարգը, որմէ ետք ժողովը բանաձեւի եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերը ընտրեց յանձինս Նշան Տէր Գալուստեանի եւ Հրաչ Ակիւլեանի:
Հիւանդութեան պատճառով, ժողովէն կը բացակայէր վարչութեան քարտուղար Մարտիկ Չանչանեան: Ուստի, միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուց վարչութեան անդամներէն Եւգինէ Գարօղլեանը, իսկ հաշիւները՝ գանձապահ Մովսէս Պոյաճեանը:
Վարչութեան գործունէութեան եւ հաշիւներու առնչութեամբ եղան հարցադրումներ, որոնց պատասխանեց վարչութիւնը, իսկ «Փաշայեան» կեդրոնին մասին, թէ՝ Սեպտեմբերին անիկա ուրիշներու կողմէ վարձուած էր, վարչութեան պատասխանատուն հաստատեց լուրը եւ ըսաւ. «Կը փորձենք համաձայնութեան մը գալ, հակառակ պարագային՝ պիտի հետաքրքրուինք նաեւ «Յակոբեան» դաշտով»:
Յանձնախումբը, քննելէ ետք վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրն ու հաշիւները՝ հետեւեալը հաստատեց. «Անոնք շատ կանոնաւոր են եւ յանձնախումբս աշխատանքը գերգնահատելի կը գտնէ»: Ներկաները ծափերով իրենց համաձայնութիւնը յայտնեցին:
Ըստ կանոնագիրի՝ վարչութեան անդամ մը երկու տարի գործելէ ետք կը դադրի: Այս տարի վարչական ըլլալէ կը դադրէին Ճորճ Քէրքէզեան, Ժանօ Քէրքէզեան եւ Մարտիկ Չանչանեան. անոնց փոխարէն ընտրուեցան Սալբի Ատըմ, Նշան Տէր Գալուստեան եւ Արա Քէնտրճեան: Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան 2014-2015 տարեշրջանի վարչութեան մնացեալ անդամներն են՝ Վարուժան Քէրքէզեան, Մովսէս Պոյաճեան, Եւգինէ Գարօղլեան եւ Սիմա Ստամպուլեան:
Նորընտիր վարչութեան եղան հետեւեալ առաջարկները.
ա. Հետաքրքրուիլ Սեպտեմբերի տօնակատարութեան վայրով եւ յարմար լուծում մը գտնել.
բ. Այս տարի, Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան 30ամեակը ըլլալով, առաջարկուեցաւ յատուկ գրքոյկ մը պատրաստել՝ պատմական տուեալներով եւ լուսանկարներով: Աշխատանքը պիտի կատարէ Սարգիս Փանոսեան, որուն պիտի օգնեն Արուս Տէր Գալուստեան եւ Արա Քէնտրճեան:
Ժողովը վերջ գտաւ ժամը 5ին: