Նկատի ունենալով Սուրիոյ ներքին հատուածական պատերազմին ժխտական ազդեցութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ եւ մանաւանդ մտահոգ՝ սուրիահայութեան պարտադրուած դժնդակ եւ ճգնաժամային պայմաններով, Համազգայինի Օրենճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի վարչութիւնս, օգտուելով վերջերս Հալէպէն ժամանած եւ սուրիահայութեան քաջածանօթ բժիշկ Գրիգոր Ատանալեանի սիրայօժար մասնակցութենէն՝ դասախօսական ձեռնարկ մը կազմակերպեց Կիրակի, Փետրուար 23ի յետմիջօրէին:
Գաղութի «Յարութ Պարսամեան» կեդրոնի «Ղազարեան» սրահը ամբողջութեամբ լեցուած էր Միջին Արեւելքէն գաղթած հայերով եւ մանաւանդ նախկին սուրիահայերով, որոնք եկած էին յագենալու «Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան իրավիճակը՝ անցեալին եւ ներկայիս» թեմայով դասախօսութեամբ:
Մասնաճիւղի ատենապետ Զարեհ Սափսզեան, իր բացման եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց հանրածանօթ հրապարակագիր եւ դերասան Գէորգ Քէօշկէրեանը, ներկայացնելու համար բժիշկ Գրիգոր Ատանալեանի կենսագրութիւնը, որմէ ետք ներկաները խիստ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բանախօսի զեկուցումին:
Յարգելի բանախօսը, որ գործօն եւ ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է սուրիահայութեան եւ մանաւանդ հալէպահայութեան կեանքին մէջ, մասնագէտ բժիշկի մանրազննութեամբ ներկայացուց այն սահմռկեցուցիչ վիճակը, որ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան պարտադրուած է: Ապա համապարփակ վերլուծումը ըրաւ միջինարեւելեան եւ միջազգային այն ուժերուն, որոնք դերակատար են այս տագնապին մէջ: Պէտք է յիշել, թէ բանախօսը առանց բռնազբօսիկ բառերու, սակայն բարձր մակարդակի հայերէնով եւ վերլուծումներով մագնիսացուց ներկաները: Ան շեշտեց հրամայական կարեւորութիւնը սուրիահայութեան աջակցելու՝ նիւթապէս եւ մանաւանդ բարոյապէս, սուրիահայ գաղութէն ներս ամրապնդելու համար այն համոզումը, թէ իրենք լքուած չեն:
Վերջաւորութեան, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ դասախօսին ուղղելու իրենց հարցումները, որոնց բժիշկ Ատանալեան պատասխանեց մանրամասն եւ գոհացուցիչ կերպով:
Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի փակման խօսքէն եւ աղօթքէն ետք յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարչութենէն)