ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Քարլիֆորնիա Քուրիըր».- Ատեփան Մարտիրոսեանի արտադրած «Լոն Սըրվայվըր» ֆիլմը կրցած է 125 միլիոն տոլար եկամուտ ապահովել ու թեկնածու եղած է երկու «Օսքար» մրցանակներու՝ միաժամանակ շահելով Դերասաններու եւ Քննադատներու միութեանց մրցանակները:
Ֆիլմը արտադրուած էր 46 միլիոն տոլարով, 42 օրուան ընթացքին, Նիւ Մեքսիքօ նահանգի հեռաւոր շրջաններուն մէջ, որոնք կը յիշեցնեն Աֆղանիստանը, ուր ֆիլմին պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ:
Մարտիրոսեան մաս կը կազմէ «Ինվիժըն» ընկերութեան, որուն 2011էն ի վեր արտադրած ֆիլմերուն շարքին են՝ «2 Կանզ», «Ըսքէյփ Փլեն», «Պրոքըն Սիթի» եւ «Էնտ Սօ Իթ Կոզ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.