ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Արմէնփրէս».– Կլենտէյլի մէջ գործող «Հայկական դպրոցներուն աջակցութեան հիմնադրամ»ը արդէն աւարտած է Հայաստանի գիւղերու ութ դպրոցներու վերակահաւորման նախագիծը: «Տը Արմինիըն ռիփորթըր»ի համաձայն՝ 2013 թուականին, նախագիծի ծիրին մէջ, 193 նոր աշակերտական գրասեղաններ եւ նստարաններ, նաեւ ուսուցիչներու յատուկ 35 գրասեղաններ եւ նստարաններ, 52 գրատախտակներ, 24 գրապահարաններ, 20 համակարգչային սեղաններ եւ 30 զգեստի պահարաններ տրամադրուած են Հայաստանի ութ դպրոցներու:
Արարատի մարզի Աշտարակի յատուկ գիշերօթիկ դպրոցի, Արմաւիրի մարզի Մեծամօրի 2րդ միջնակարգ, Թթու ջուր, Ձորագլուխ, Արագածոտնի մարզի Լեռնապար, Ծիլքար, Նորաշէն համայնքների դպրոցներու վերակահաւորումը ամբողջութեամբ ֆինանսաւորած է Միացեալ Նահանգներու «Հայկական դպրոցներուն աջակցութեան հիմնադրամ»ը: Իսկ Վարդաշէն գիւղի դպրոցի վերակահաւորումը կատարուած է Մինասեան եւ Աւանեսեան ընտանիքներու նուիրատուութեան շնորհիւ:
«Կը փափաքիմ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել մեր հովանաւորներուն եւ նուիրատուներուն՝ իրենց շարունակական աջակցութեան, խրախուսանքին եւ հաւատքին համար՝ բարելաւելու կրթական միջավայրը յանուն մեր ապագայ սերունդներուն: Այս տարի մենք պիտի տօնենք մեր 10րդ տարեդարձը, որմէ, ինչպէս նաեւ դրամահաւաքի միւս նախաձեռնութիւններէն գոյացած հասոյթը կարելիութիւն պիտի տայ ընդլայնելու մեր ծառայութիւնները», յայտնած է հիմնադրամի խորհուրդի նախագահ Մոնէ Տէր Գրիգորեանը:
Կլենտէյլի մէջ գործող «Հայկական դպրոցներուն աջակցութեան հիմնադրամ»ը ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն է, որ յանձն առած է օգնել Հայաստանի եւ Արցախի հեռաւոր գիւղերու փոքր դպրոցներու վերակահաւորման նուիրական գործին: Մինչ օրս հիմնադրամը աւելի քան 9500 գրասեղաններ եւ նստարաններ տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի 210 դպրոցներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.