ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ղարաբաղ Լայֆ».- 11 Մարտին Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ առկայ երկրագործական սարքերուն վիճակը: Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Բախշիյեան յայտնած է, որ հիմնական խնդիրը արտահունձք սարքերուն կը վերաբերի, արդարեւ կայ 45 արտահունձ մեքենայ, որոնց 34ը կը գործեն, իսկ անսարք վիճակի մէջ է 11ը: Աշոտ Բախշիյեան նշած է, որ Իրանի մէջ գտնուող երկրագործական սարքերու վերանորոգութեամբ զբաղող ընկերութեան հետ կնքուած է համաձայնութիւն, որուն ծիրին մէջ մօտիկ ապագային անոնց մասնագէտները պիտի այցելեն Արցախ եւ տեղւոյն վրայ պիտի փորձեն հարցին լուծում տալ:
«Վերջին օրերին ձեռք ենք բերել նոր տրակտորների մի խմբաքանակ: Առաջիկայ օրերին սպասում ենք երկրորդ խմբաքանակին: Ընդհանուր առմամբ, Արցախի գիւղտեխնիկայի բազան, այս վերջին գործարքի շնորհիւ, կ՛աւելանայ եւս 40 միաւոր տրակտորով», տեղեկացուցած էն Ա. Բախշիյեանը:
Նշենք, որ հանրապետութեան մէջ ներկայիս կը գործէ 4 պետական քարշակի եւ սարքաւորումներու կայան՝ իր մասնաճիւղերով:
Բացի ատկէ, կայ նաեւ 6 եւ նախապատրաստական հանգրուանի մէջ եղող 4 մասնաւոր քարշակի եւ երկրագործական սարքերու կայաններ: Անոնք յագեցած են անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ համակարգով: Ընդհանուր առմամբ, հանրապետութեան մէջ ներկայիս առկայ է շուրջ 2003 սարքաւորում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.