ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Գողեր», «Թալանչիներ», «Տիգրան, դուրս արի, ժողովրդին պատասխան տուր» բացագանչութիւններով 6 Մարտին, Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի նախկին բնակիչները բողոքի ցոյց կատարեցին կառավարութեան շէնքին մօտ՝ պահանջելով լիարժէք փոխհատուցում կատարել իրենց քանդուած տուներուն համար:
Արդէն 12 տարիէ ի վեր Հիւսիսային պողոտայի բնակիչները ապարդիւն կը պայքարին իրենց ոտնակոխուած իրաւունքները վերականգնելու համար: Անոնցմէ շատերը ցարդ բնակարաններ չունին, «քանի որ մաս-մաս փոխհատուցուած անհամարժէք գումարներով չեն կարողացել ձեռք բերել բնակարաններ»:
Անոնց համաձայն՝ զիրենք բռնի ուժով դուրս նետած են իրենց բնակարաններէն եւ մինչեւ այժմ ոչ ոք պատասխան տուած է կատարուած ապօրինութեան համար:
Բայց եւ այնպէս, Հիւսիսային պողոտայի բնակիչները այս անգամ ալ ոեւէ պաշտօնեայի հետ չկրցան տեսակցիլ կամ խօսիլ՝ անգամ մը եւս յուսախաբ ըլլալով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.