ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիոլուր», «Արմէնփրէս».– 6 Մարտին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ նշուած է բանագէտ, բանահաւաք, ժողովրդագէտ Վերժինէ Սվազլեանի ծննդեան 80ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ էին բազմաթիւ մտաւորականներ: Վերժինէ Սվազլեան ծնած է Հայոց Ցեղասպանութենէն 20 տարի ետք եւ այսօր արդէն հեղինակ է 500է աւելի գիտական եւ հրապարակախօսական հրատարակութիւններու եւ 25 գիրքերու, որոնք տարբեր լեզուներով լոյս տեսած են Հայաստանի, Սփիւռքի եւ արտերկրի մէջ:
Զուգահեռաբար, ազգային գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ ներկայացուած էին Սվազլեանի հեղինակած գիրքերն ու յօդուածները։
1995 թուականէն սկսեալ՝ Սվազլեան անձնական նախաձեռնութեամբ ուսումնասիրած եւ հրատարակած է պատմական Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Անատոլուի հայաբնակ աւելի քան 150 շրջաններէ բռնի տարագրուած, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բնակութիւն հաստատած Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես վերապրողներու հաղորդած տարաբնոյթ նշխարներն ու վաւերագրական վկայութիւնները:
Ձեռնարկին ընթացքին Վերժինէ Սվազլեան հաստատած է, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ կը ծրագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես-վերապրածներու 700 միաւոր վկայութիւնները ներկայացնող գիրքը տարածել: Գիրքը պիտի ուղարկուի Հայաստանի բոլոր մարզերը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի գրադարաններ:
«Գրքի հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն տարբերակները ես ցանկանում եմ ուղարկել նաեւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրմամբ զբաղուող կենտրոններին, թանգարաններին: Առջեւում 100ամեայ տարելիցն է, եւ կարծում եմ՝ սա իր դերը կը խաղայ, որպէսզի ամբողջ աշխարհը տեղեկանայ կատարուածի մասին», դիտել տուած է Սվազլեան:
Անոր համաձայն՝ այդ աշխատութիւնը հայ ժողովուրդին ձայն է, որ ինք բարձրացուցած է գիտական մակարդակի վրայ:
Սվազլեանի համաձայն՝ «վերջին տարիներին ակնյայտ է թուրք մտաւորականութեան շրջանում Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի շուրջ դրական տեղաշարժը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.