
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Յայտնի երաժիշտ եւ երգահան Տիգրան Մանսուրեան Փետրուար 24ին դասախօսութիւն մը տուաւ ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի 10րդ դասարանի աշակերտներուն: Դասախօսութիւնը նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետին ու հայկական ինքնուրոյն երաժշտութեան:
Դասարանի աշակերտուհիներէն Էմըլի Էքշիեան նախ նուագեց Մանսուրեանի «Կտոր Մը Երկինք»ը, իսկ Լորի Խորխորը կատարեց իր հեղինակած ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ դաշնակի համար գրուած գողտրիկ կտոր մը: Երկուքն ալ արժանացան Մանսուրեանի գնահատանքին: Ապա ամբողջ դասարանը, Է. Էքշիեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, արտասանեց Մ. Մեծարենցի «Սիրերգ» բանաստեղծութիւնը: Բացման այս կատարումներէն ետք խօսք առաւ հիւր դասախօսը:
Մանսուրեան աշակերտներուն բացատրեց, թէ ի՛նչ է Կոմիտաս վարդապետի արժէքը հայ երաժշտութեան եւ իրականութեան մէջ: Ան Կոմիտաս վարդապետը ներկայացուց որպէս «ձայներու ճարտարապետ» եւ առաջին հայ երաժիշտը, որ սահմանած է հայ երգի կառոյցը: Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՞վ է հայկական երաժշտութիւնը տարբեր միւսներէն՝ Մանսուրեան պատասխանեց. «Հայ երգը նախ լեզուով է տարբեր, ապա՝ ան ծնած է հայ հողէն. ան քար է, աշխատանք է ու ամենակարեւորը՝ հայու խնայող նկարագիրի արտացոլացումն է, դրսեւորուած ձայներու զսպութեան եւ պարզութեան ձեւով»:
Վերջաւորութեան աշակերտները առիթ ունեցան հարցումներ հարցնելու եւ խորապէս ծանօթանալու հայ ժողովրդական երգին ու Հայաստանի մերօրեայ երաժշտական հակումներուն: Աշակերտուհիներէն Թալին Նազարեան, իր դասընկերներուն անունով, Տիգրան Մանսուրեանին յանձնեց բոլորին կողմէ ստորագրուած շնորհակալական բացիկ մը, որով պատանիները հիւրին կը մաղթէին երկար ու բեղուն տարիներ:
Յիշեցնենք, թէ Տիգրան Մանսուրեանի հետ մտերմիկ նիստերը 10րդ դասարանի աշակերտներուն համար արդէն իսկ դարձած են աւանդական. արդարեւ, անցեալ երեք տարիներուն ան դասախօսութիւններ տուած էր Չարենցի, Տէրեանի եւ Քուչակի մասին: