ՊՈԼԻՍ.- Իր Հինգշաբթի, Մարտ 6ի թիւին մէջ, «Մարմարա» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ երկար ժամանակէ ի վեր գործող «Հայկական անհիմն պնդումներուն դէմ պայքարի միութիւն»ի )ԱՍԻՄՏԷՐ) նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ վերջերս այցելած է Վագըֆ գիւղը, իմանալու համար, թէ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի բնակիչները «արդեօք կը մտածե՞ն Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւն սերմանող Սփիւռքի հայերուն պէս»։ Ան հասած է այն եզրակացութեան, որ գիւղի բնակիչները «շատ գոհ են» իրենց կեանքէն, ունին իրենց եկեղեցին, ուր «ազատօրէն կը կատարեն իրենց պաշտամունքը»։ Այս «ուսումնասիրութենէն ետք», ան հաստատած է, որ «սխալ է Սփիւռքի հայերու այն պնդումը, թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը կը հալածուին, անիրաւութեանց ենթակայ են եւ երկրորդ կարգի հայրենակից կը նկատուին»։ Ըստ Կիւլպէյի՝ գիւղի հայերը միայն դժգոհ են այն բանէն, որ իրենց երիտասարդները հոն չեն մնար, այլ Պոլիս կ՛երթան, կամ արտասահման կը գաղթեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.