
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Միացեալ Նահանգներու հրէական մեծագոյն կազմակերպութեանց նախագահներու խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ամերիկացի հրեաները ժողովրդագրական աղէտ մը կը դիմագրաւեն:
Ան մէջբերեց վերջերս կատարուած հարցախոյզներ, ըստ որոնց՝ Իսրայէլի մէջ 6.1 միլիոն հրեայ կը բնակի, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ շուրջ 5.5 միլիոն: Լիպըրման շեշտեց, որ ոեւէ հրեայ, ըլլայ ան սփիւռքի կամ Իսրայէլի մէջ, ըլլայ ան բարեկարգչական, պահպանողական կամ ուղղափառ, «ապօրինի չէ եւ պէտք չէ վրանէն դուրս դրուի»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ նկատառելի աճ կայ այն մարդոց մէջ, որոնց կեանքը հրէականութենէն պարպուած է, կամ որոնք խառն ամուսնութիւններ կատարելով՝ իրենց զաւակները իբրեւ հրեայ չեն մեծցներ: Ան նշեց, որ «խառն ամուսնութիւնները բոլոր հրեաներուն համար 58 առ հարիւրի հասած է, իսկ ոչ ուղղափառ հրեաներուն համար՝ 71 առ հարիւրի, ինչ որ մեծ փոփոխութիւն է՝ բաղդատած նախքան 1970 թուականը, երբ հրեաներուն միայն 17 առ հարիւրը խառն ամուսնութիւն կը կատարէր»:
Ըստ Լիպըրմանի՝ Իսրայէլի հետ կապուածութիւնը աւելի բարձր է տարեց հրեաներուն մօտ, իսկ 30 տարեկանէն վար եղողներուն միայն 32 առ հարիւրը Իսրայէլի մասին մտահոգուիլը հրեայ ըլլալուն կենսական մէկ մասը կը նկատէ:
«Տարիներով, իսրայէլացի պաշտօնատարները սփիւռքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կոչ ուղղած են, որ իրենց ներուժը եւ նիւթական կարելիութիւնը Իսրայէլի նուիրեն: Սակայն, ես այսօր ձեզի կը դիմեմ եւ կ՛ըսեմ, որ մինչ անսահման կերպով եւ յաւիտեանս երախտապարտ ենք ձեր օժանդակութեան համար, կը հաւատանք, որ այժմ ժամանակն է, որ կեդրոնանաք ձեր համայնքներուն դիմակայած մարտահրաւէրներուն վրայ», ըսաւ ան:
Լիպըրման նաեւ ըսաւ, որ կրթութիւնը խառն ամուսնութեանց եւ անտարբերութեան դէմ պայքարելու կարեւոր միջոց մըն է, «սակայն հրեայ մանուկները հրէական դասարաններէն հեռու կը պահուին Միացեալ Նահանգներու մէջ, հրէական կրթութեան արտառոց եւ արգելակող ծախսերուն պատճառով», եւ աւելցուց, որ այդ կացութիւնը նոյնն է Ռուսիոյ, Արժանթինի մէջ եւ այլուր: «Եթէ այս կացութիւնը շարունակուի, ապա մէկ-երկու սերունդէն՝ յաւելեալ վեց միլիոն հրեայ պիտի կորսնցնենք», ըսաւ ան:
Լիպըրման նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հրեայ մանուկներուն միայն 12 առ հարիւրը հրէական դպրոց կը յաճախէ: Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը առաջարկեց ուսման բարձր մակարդակով օժտուած հրէական դպրոցներու միջազգային ցանց մը ստեղծել՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը յանձնառու է տարեկան 365 միլիոն տոլար յատկացնելու այդ ծրագիրին համար:
Լիպըրման նաեւ յայտարարեց, որ իր նպատակը յառաջիկայ տասնամեակին սփիւռքէն յաւելեալ 3.5 միլիոն հրեայ Իսրայէլ բերելն է, որպէսզի Իսրայէլի հրեայ բնակչութեան թիւը աւելի քան 10 միլիոն ըլլայ: