ՊՈԼԻՍ.- «Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ վերաբերող զեկուցումին, որ կը քննադատէ այդ երկրին մէջ վերջերս տեղի ունեցող զարգացումները:
Եւրոխորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Ռիա Օմեն Ռոյթեն իր պատրաստած զեկուցումին մէջ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ, որոնք կը վերաբերին բարձր մակարդակի զեղծարարութեանց, ինչպէս նաեւ դատախազներու եւ ոստիկանութեան աշխատակիցներու աշխատանքէ հեռացման հարցին:
Զեկուցումին մէջ կը շեշտուի, թէ նման քայլեր «կը հակասեն դատական իշխանութեան անկախութեան հիմնարար սկզբունքին եւ մեծապէս կ՛ազդեն անկողմնակալ հետաքննութիւններու հեռանկարներուն վրայ»:
Ափսոսանք յայտնելով Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան, դատական իշխանութեանց, ոստիկանութեան եւ մամուլին միջեւ վստահութեան խաթարման համար՝ զեկուցողը կոչ կ՛ընէ կառավարութեան հաւատարիմ մնալու ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ յետագայ հետաքննութիւններուն չմիջամտելու:
Զեկուցումը նաեւ կը քննադատէ Թուրքիոյ մէջ համացանցի օգտագործումը սահմանափակող եւ արդարադատութեան մարզին վերաբերող վերջերս որդեգրուած որոշ օրէնքներ:
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան հետ կապերու հարցով, Թուրքիոյ նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու զգուշացած է Եւրոխորհրդարանին որդեգրած բանաձեւին մասին որեւէ սուր յայտարարութիւն կատարելէ եւ նշած է. «Գնահատականները պէտք է ըլլան հաւասարակշռուած եւ կառուցողական: Անշուշտ, կան կէտեր, որոնց համաձայն չենք, սակայն ընդհանուր առմամբ դրական կը գնահատենք այն փաստը, որ զեկուցումը կ՛ընդգծէ բանակցային թղթածրարի նոր գլուխներու բացումը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.