ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Զօրակոչի ընթացակարգի եւ զինուորական ծառայութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ անվճար մասնագիտական իրաւաբանական խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրուի Հայաստանի քաղաքացիներուն:
Ծրագիրը, որ մեկնարկած է 2014ի Մարտ 1ին եւ պիտի իրականացուի մինչեւ Նոյեմբեր, կը միտի զինուորական ծառայութեան իւրաքանչիւր հանգրուանի իրաւական կողմերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել, իրազեկման մակարդակը բարձրացնել՝ ամբողջական իրաւաբանական խորհրդատուութիւն տրամադրելով ապագայ եւ ներկայ զինուորներուն եւ անոնց ծնողներուն ՝ զօրակոչի, զինուորական ծառայութեան եւ յետզօրակոչային հարցերուն վերաբերեալ:
Իրաւաբանական խորհրդատուութիւնը պիտի տրամադրուի Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնին մէջ:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ 2014ի համագործակցութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.