
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Նիուզ».– Գառնի պատմամշակութային թանգարան-արգելոցին կից եղանակային սրճարան բանալու հարցը նախորդ օրերուն իրարանցումի եւ վէճի պատճառ դարձաւ։ Արդարեւ, իբրեւ յուշարձան նկատի առնուած այդ տարածքին մէջ, որ յատուկ պահպանման արժանի է, եւ ուր կարելի չէ առեւտրական նպատակով ծրագիրներ իրականացնել, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւնը կը նախատեսէ յաջորդ տարուան Մայիսին սրճարան կառուցել: Գառնիի գիւղապետ Աշոտ Վարդանեան 27 Նոյեմբերին մերժեց ընդառաջել այդ կազմակերպութեան ղեկավար Վլադիմիր Պօղոսեանին՝ յայտնելով, որ ինք թոյլ պիտի չտայ սրճարան կառուցել, մինչեւ չունենայ մշակոյթի նախարարութեան յստակ եզրակացութիւնը, որ շինութեան տարածքը պեղումներու ենթակայ չէ: Ի պատասխան գիւղապետին նամակին՝ Պօղոսեանը «Նիուզ»ին յայտնած է, որ տարածքը ուսումնասիրուած է եւ կայ հնագէտին եզրակացութիւնը: Անոր համաձայն՝ «սրճարանն ամէն դէպքում կառուցուելու է եւ դրա համար գիւղապետի թոյլտուութիւնը հարկաւոր չէ»:
Օրեր առաջ գիւղապետ Աշոտ Վարդանեան 200-300 համագիւղացիներու հետ բանուորներուն թոյլ չէր տուած սկսիլ շինարարական աշխատանքներուն։
3 Մարտին կայացաւ հանդիպում մը Գառնիի գիւղապետ Աշոտ Վարդանեանի ու Կոտայքի մարզպետ Կովալենկօ Շահգալդեանի եւ փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանին միջեւ. վերջինը յայտարարած է, որ՝ «Գառնիի արքունական բաղնիքի դիմաց կառուցուող սրճարանի շինարարական թոյլտուութիւն տալիս է միայն ու միայն համայնքի ղեկավարը»:
Բայց սրճարան կառուցելու դէմ բողոքի ալիքը չէ հանդարտած: Շինարարութեան անթոյլատրելիութիւնը մասնագիտական տեսանկիւնէ ներկայացուցած են զբօսաշրջային ընկերութիւններն ու զբօսավարները: Մշակոյթի նախարարութիւնը կը պատճառաբանէ, թէ տաճարին կից սրճարանի կառուցումը պիտի խթանէ զբօսաշրջութեան զարգացման եւ յաւելեալ եկամուտ պիտի ապահովէ թանգարանին: Զբօսաշրջային ընկերութիւններուն ներկայացուցիչները կը հաստատեն, որ առանց սրճարանի ալ Հայաստան եկած ոեւէ զբօսաշրջիկ կ՛այցելէ Գառնի՝ պատմութեան հետ կապ հաստատելու նպատակով: Փոխարէնը անոնք կ՛առաջարկեն ներդրումները յատկացնել Քրիստոսէ առաջ 3րդ դարու բաղնիքին մէջ գտնուող վտանգուած խճանկարը վերականգնելուն:
Մասնագէտներուն համաձայն՝ սրճարանը ոչ միայն անհրաժեշտ չէ հոն, այլեւ՝ «աղճատում ու նսեմացնում է յուշարձանի արժէքը»:
Զբօսաշրջութեան բնագաւառի պատասխանատուները նաեւ դիտել տուած են, որ այդ շրջանին մէջ կան ուրիշ սրճարաններ եւ ճաշարաններ, ուր զբօսաշրջիկները կրնան այցելել՝ դիտել տալով, որ նախընտրելի է փայտեայ նստարաններ տեղադրել ընկուզենիներուն տակ՝ այցելուներուն համար։