ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Ամերիկացի մօտաւորապէս 80 նախկին քոնկրեսականներ, դիւանագէտներ եւ վերլուծաբաններ բաց նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային՝ պահանջելով անկէ, որ յստակացնէ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին կապակցութեամբ:
Նամակին հեղինակները նախագահէն կը պահանջեն խախտել երկարատեւ լռութիւնը եւ գնահատական տալ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան ու զեղծարարութեանց շուրջ ծագած գայթակղութեան գծով՝ աւելցնելով, թէ Ամերիկայի լռութիւնը կրնայ խրախուսել Էրտողանը, երկրին մէջ իրաւունքի գերակայութիւնը նուազեցնելու հարցով:
Ըստ նամակի հեղինակներուն՝ Էրտողանն ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցիչները, չարաշահելով իրենց դիրքերը եւ վտանգի ենթարկելով օրէնքի գերակայութիւնը՝ կը փակեն հետաքննութիւնները, հարիւրաւոր դատախազներ եւ հազարաւոր ոստիկաններ պաշտօնանկ կ՛ընեն կամ անոնց աշխատավայրերը կը փոխեն ու կը զսպեն լրատուամիջոցներու հաղորդումները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.