ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուաշինկթընի մօտ Հելսինքեան յանձնաժողովին առջեւ ունեցած իր ելոյթին մէջ, ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Զուիցերիոյ նախագահ եւ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրխալթեր կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, որ յաւելեալ աշխուժութիւն ցուցաբերեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գծով:
Պուրխալթեր ըսած է, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք, իր առաջին հանդիպումներէն մէկը եղած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ, որովհետեւ Արցախի հակամարտութիւնը «Եւրոպայի ամենավտանգաւորներէն մէկն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.