«ԱԶԴԱԿ»
Տասը տարի առաջ, ՆԱԹՕի ռազմափորձերուն մասնակցելու առիթով Պուտափեշթ ժամանած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած պահուն կացինահար ըլլալով կը սպաննուէր ատրպէյճանցի Սաֆարովի կողմէ: Այնուհետեւ դիպաշարը ծանօթ է բոլորին: Ձերբակալութիւն, դատավարութիւն, ահաւոր ճնշում Պաքուի կողմէ՝ Հունգարիոյ դատաիրաւական հաստատութիւններուն վրայ, վճիռ, ցկեանս բանտարկութիւն: Երկու տարի առաջ, ատրպէյճանահունգարական գործարքներու եւ լուռ համաձայնութիւններու իբրեւ արդիւնք, մարդասպանը կը յայտնուէր ազատութեան մէջ եւ կ՛արժանանար Պաքուի կողմէ հերոսի կոչումին:
Ատրպէյճանական կողմին մէջ արձանագրուած վերաբերումները, արարքները, ճնշումները, գործարքներն ու ատելութեան դրսեւորումներու գագաթ նուաճած օրինակները պարզ են եւ գուցէ նաեւ ակնկալելի Պաքուի իշխանութիւններէն:
Խնդիրին դիտարկումը փորձենք հայկական եւ ատրպէյճանական դաշտերէն տեղափոխել միջազգային հարթութիւն՝ նկատելու համար քանի մը կէտեր:
Սաֆարովի անասնային յարձակումը գործուած էր ՆԱԹՕի ռազմափորձի շրջանակներուն մէջ: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յաչս ՆԱԹՕին, պարզ տրամաբանութեամբ յստակ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ, որ նման զինուորական պաշտօնատար ուղարկած է միջազգային մակարդակի վրայ իրականացուող վարժողական ծրագիրին: Եթէ տակաւին չենք ուզեր խօսիլ սաֆարովներու գազանային դրսեւորումներուն պատճառ հանդիսացած հայատեաց քաղաքականութեան մասին եւ պահ մը կ՛ուզենք կեդրոնանալ ատրպէյճանցի սպայի հոգեկան անհաւասարակշռուածութեան վրայ, նոյնիսկ այս պարագային Պաքուի համապատասխան բաժանմունքները պատասխանատու կը նկատուին նման փորձարկումներու ինքնատիրապետումէ հեռու սպայ ուղարկած ըլլալով: ՆԱԹՕն այս առումով չունեցաւ համարժէք արձագանգ:
Հունգարական դատաիրաւական հաստատութիւնները առաջին փուլին արտառոց որեւէ որոշում չտուին: Պարզ էր. կատարուածը մարդասպանութիւն էր, այն ալ՝ ամէնէն քստմնելի եւ դատապարտելի բնոյթով, որուն համար ալ դատական ընթացակարգէն ետք կար վճիռ: Առաւելագոյն պատժաչափ: Խնդիրը յետագային էր: Լուռ, լուսարձակներէ հեռու, կարելի է բնորոշել նոյնիսկ թաքուն բանակցութիւններ Պաքուի եւ Պուտափեշթի միջեւ յանգեցան գործարքի: Պուտափեշթը կ՛արտայանձնէր մարդասպանը, մարդասպանութիւնը քաջալերած պետութեան: Պուտափեշթը կրնար յենիլ անշուշտ միջպետական յարաբերութիւններով սահմանուած արտայանձնումի օրէնքին վրայ՝ նման գործողութիւն կատարելու համար: Արտայանձնումի դիմումը գաղտնի պահելու, բանակցութիւնները թաքուն ձեւով կատարելու եւ արտայանձնումը յանկարծակի բացայայտելու հունգարական կողմին պահուածքը կը շեշտէ գործարքային ուղղութիւնը այս բոլորին մէջ: Հունգարական քաղաքական դաշտը նոյնիսկ չէր իմացած այս մութ համաձայնութեան ծալքերուն մասին: Հայկական կողմին կը մնար առկախել դիւանագիտական կապերը Պուտափեշթի հետ:
Շարունակենք Պուտափեշթի լուռ մեղսակցութեան փաստի համոզման տրամաբանութիւնը: Հունգարական իշխանութիւնները անպայման համոզուած էին, որ իրենց արձակած դատավճիռը՝ ցկեանս բանտարկութիւնը վերջ պիտի գտնէր արտայանձնումի թոյլտուութեան օրը: Որեւէ երաշխիք չկար հակառակը փաստելու: Արտայանձնումի օրէնքը բնականաբար միջպետական յարաբերութիւններ յարգող կողմերուն կը վերաբերի. անոր իմաստը այն է, որ դատավճիռին գործադրութեան աշխարհագրական միջավայրն է, որ կը փոխուի եւ ոչ թէ դատավճիռը: Ատրպէյճանի նման երկիրներն են, որոնք ոչ միայն կը խախտեն եւ կ՛ոտնակոխեն օրէնքը, այլեւ միջազգային օրէնքի շահագործումով մարդասպանը կը վերածեն հերոսի: Պուտափեշթը բոլոր տուեալները ունէր բողոքագիրներ ուղարկելու Պաքուին, իր կայացուցած որոշումին կայծակնային բեկանումին մասին բացատրութիւն պահանջելու, անգամ դիւանագիտական կապերը առկախելու Պաքուի հետ… եթէ նախապէս կայացած չըլլար գործարքը:
ՆԱԹՕի իրաւական բաժանմունքներէն անկախ լուռ մնաց նաեւ միջազգային ընտանիքը. ի վերջոյ միջազգային յարաբերութիւններու ընդհանուր շրջագիծին մէջ կայացած օրէնքի կոպիտ խախտում էր կատարուածը:
Այստեղ է բուն խնդիրը: Արտայանձնումի օրէնքի շահարկումով մարդասպանը կը վերածուի հերոսի: Ատրպէյճանին հարազատ է այս վարքագիծը: Բայց երբ Պաքուն կը գտնէ իրեն հետ գործարքի գացող Պուտափեշթի նման կողմեր, երբ ՆԱԹՕն չառկախեր Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը իր կազմակերպած ռազմափորձերուն եւ երբ միջազգային ընտանիքը հաշիւ չի պահանջեր արձանագրուած կոպիտ խախտումին համար, Պաքուն վերստին կը փորձէ սրել իր կացինը:
Հայկական կողմը այս բոլորի նկատառման հարկադրանքին առջեւ է: