ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Տէյվիտսըն լերան խաչի պահպանման Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու խորհուրդի (ՀՔԱԿԽ) խնամակալ յանձնախումբին տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 1ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան Տիեզերական եւ արտաքին յարաբերութեանց նախագահ ու Երուսաղէմի միաբանութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Արիս արք. Շիրվանեան, Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեան, Յովէլ քհնյ. Օհանեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, վեր. Ճէյմզ Գիզիրեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, օրուան բանախօս Այտա Էրպել (պոլսահայ) եւ շուրջ 200 ներկաներ, որոնք եկած էին քաջալեր հանդիսանալու օրուան ձեռնարկին:
ՀՔԱԿԽի խնամակալ յանձնախումբը մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մարմին մըն է՝ կազմուած Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայ եկեղեցիներէն, շրջանիս մէջ գործող 38 մեծ ու պզտիկ կազմակերպութիւններէ: Սոյն մարմինին գլխաւոր պարտականութիւնն է պահել ու պահպանել՝ նիւթապէս ու բարոյապէս, Յուլիս 17, 1997էն ի վեր հայութեան պատկանող ու Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած Տէյվիտսըն լերան 103 ոտք բարձրութեամբ խաչ-յուշակոթողը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ խնամակալութեան ատենապետ Չաք Փասքէրեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան վեր առաւ խորհուրդին տարած աշխատանքը՝ կայքի եւ տեսաերիզի պատրաստութիւն, Սան Ֆրանսիսքոյի ճամբորդական գրասենեակի հետ գործակցութիւն, զբօսաշրջութեան ուղեցոյցներու մէջ արձանագրութիւն եւ այլն: Ան աւելցուց նաեւ, թէ այժմ մարդիկ կրնան համակարգիչի միջոցաւ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարել:
Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի եւ օրուան հանդիսավար Ճիւտի Ճինկիրեան: Ան իր գնահատական խօսքերուն աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անխտիր բոլոր անոնց, որոնք նիւթական եւ բարոյական ներդրում ունեցան հայութեան պատիւ բերող սոյն յուշակոթող-խաչի գնումը իրականացնելու գործին:
Օրուան բանախօս Այտա Էրպել, որ Նիւ Եորքի համալսարանի քաղաքական գիտութեանց բաժինի արեւելեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս մըն է, իր խօսքին մէջ նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ Թուրքիոյ ցոյց տուած ժխտական կեցուածքը, Թուրքիոյ մտաւորական դասակարգի «ներողութիւն» արշաւը եւ Կարսի մէջ յուշակոթողի մը կեանքի ու մահուան տարօրինակ պատմութիւնը: Փրոֆ. Էրպել ներողութեան խնդրելու արարքը սահմանեց հետեւեալ ձեւով. «Բռնարարքի յստակ բացատրութիւն, ամօթի, յանցանքի, նուաստութեան, անկեղծութեան արտայայտութիւն, կրկին նման բռնարարք չգործելու խոստում ու հատուցում՝ տուժող կողմին: «Ներողութիւն» արշաւը նշեալ չափանիշին ոչ մէկ կէտը կը ներառէ»:
Ան «Ներողութիւն» արշաւը կապեց թրքական արարքներու հակասութիւններուն՝ նշելով, որ անոնք մէկ կողմէ յուշակոթող մը շինեցին պատուելու համար իրենց «երեւակայական ցեղասպանութիւնը», միւս կողմէ շինեցին բարեկամութեան յուշակոթող մը, որ կը խորհրդանշէր բարեկամութիւն՝ թուրքերու եւ հայերու միջեւ, Հայաստանի սահմանին, Կարսի մօտ: «Բարեկամութեան յուշակոթողը քանդուեցաւ թրքական ներքին քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք», ըսաւ փրոֆ Էրպել: Ապա եզրակացնելով իր խօսքը՝ բանախօսը ըսաւ. «Պէտք է յստակ եւ յատուկ ներողութիւն ըսուի՝ ճանաչման գործընթացը սկսելէ առաջ»:
Օրուան պատգամաբեր Արիս արք. Շիրվանեան մեծ դեր ունեցած էր խաչի գնման ընթացքին, երբ ան 1997ին հոգեւոր հովիւն էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ: Ան իր խօսքին մէջ տուաւ հակիրճ պատմականը խաչի գնման ընթացքին պատահած փորձառութիւններուն, թէ ինչպէ՛ս Ծովածոցի հայ գաղութը առիթը օգտագործեց գնելու եւ ազատելու պատմական խաչը եւ զայն ձօնելու Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերու յիշատակին: Ներկայիս ան Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդն է ու տեղւոյն հայկական գաղութին հետ մօտէն կ՛աշխատի, որպէսզի Իսրայէլի Քնեսեթը եւ կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Շնորհիւ իր ջանքերուն, Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ բազմաթիւ երեսփոխաններ անցեալ տարի դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ կոչ ընելով կառավարութեան, որ պաշտօնապէս ճանչնայ զայն: Արձագանգելով փրոֆ. Էրպելի պատգամին՝ սրբազանը քաջալերեց բոլոր հայերը, որ միասնաբար աշխատին՝ նպատակ ունենալով ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլեւ՝ վնասուց հատուցումը:
Գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ Մազմանեան ընտանիքի քառեակը, Կրեկը՝ ջութակով, որդին՝ Էտին՝ ջութակով, դուստրերը՝ Այտան ու Ռոզը, դաշնակով ու ջութակով. անոնք նուագեցին հայկական սիրուած դասական կտորներ՝ արժանանալով ներկաներու բուռն ծափողջոյններուն:
Հանդիսութեան աւարտին, ձեռամբ ատենապետ Չաք Բասքերեանի, գնահատական յուշատախտակներ յանձնուեցան Արիս արք. Շիրվանեանին եւ փրոֆ. Այտա Էրպելի, առ ի գնահատանք օրուան ձեռնարկի հրաւէրին անոնց ընդառաջումին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.