
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Ցեղասպանութիւնը պիտի քննարկուի Ամերիկահրէական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած տարեկան 44րդ խորհրդաժողովին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 8-11:
Խորհրդաժողովին զուգահեռ, Երկուշաբթի, Մարտ 10ին, երեկոյեան ժամը 7:15-9 տեղի պիտի ունենայ հանրային դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին պիտի խօսին Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ Սթեֆըն Սմիթ:
Ըստ խորհրդաժողովի նախնական ժամանակացոյցին՝ զանազան նիստերու ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն կամ քննարկումներու պիտի մասնակցին հետեւեալ հայ մտաւորականները՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Իշխան Չիֆթճեան, Արտա Մելքոնեան, Ռուբինա Փիրումեան, Վահրամ Շէմմասեան, Սոնա Յարութիւնեան, Խաչատուր Գասպարեան, Արմէն Սողոյեան, Մարք Մամիկոնեան, Տորիս Մելքոնեան, Ռիչըրտ Տէքմէճեան եւ Կարապետ Մոմճեան:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «Ճիհատ» (սրբազան պատերազմ)» նիւթով քննարկում մը, մասնակցութեամբ՝ Ռիչըրտ Ռուպընսթայնի ու Տէյվիտ Փեթըրսընի, իսկ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութեանց մասին պիտի խօսի Տանըլտ Միլըր, մինչ վերապրողներու հոգեբանական վիճակին նուիրուած քննարկումի ներկայացնողներէն մէկը Տենիս Քլայնն է: Նաեւ, Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման բաժինին մէջ խօսողներէն մէկն է Լիլիըն Հուսոնկ:
Մասնակիցներուն շարքին է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռը:
Համալսարանին հասցէն է՝ 15600 Mulholland Dr, Los Angeles, CA 90077:
Չորսօրեայ խորհրդաժողովի ամբողջական ժամանակացոյցին ծանօթանալու համար, այցելել http://ascconf.org/2014_Provisional_Program.pdf կայքը: