
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Արմենփրէս» լրատուական գործակալութեան «Երեւանեան բեսթսելեր»» նախագիծը հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդականութիւն կը վայելեն բարձրարժէք գրական ստեղծագործութիւնները: Գործակալութեան տուեալներուն համաձայն՝ տարուան ամէնէն աւելի վաճառուած գիրքերը նկատուած են Նոպէլեան մրցանակի ներկայացուած ռումանահայ գրող Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» վէպն ու ատրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ Երազներ» վիպակը:
Հայաստանի ամենապահանջուած գիրքերը շաբաթներ շարունակ ներկայացնող նախագիծը իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ ամփոփեց տարին: «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ, Մայրենի լեզուի խորհրդանշական օրը՝ 21 Փետրուարին կայացաւ «Տարուայ բեսթսելեր» մրցանակաբաշխութիւնը եւ շարք մը անուանակարգերու մէջ ընտրուեցան յաղթողներ:
«Նախագիծն սկսել ենք մէկ տարի առաջ: «Երեւանեան բեսթսելերը» միտուած է հայ գրքի, գրականութեան, ընթերցանութեան խրախուսմանը: Գաղափարը ծագեց մէկ տարի առաջ, եւ արդէն մէկ տարի է՝ յաջողութեամբ իրականացնում ենք ծրագիրը: Ամէն շաբաթ նկատում ենք, որ աւելանում է գրքերի ընթերցումների թիւը եւ նախագիծը փաստում է իր նշանակութիւնը: Գրքի նուիրեալները արժանի են շատ աւելի մեծ խրախուսման եւ գնահատանքի: Օրը պատահական չենք ընտրել՝ փորձեցինք համադրել Գիրք նուիրելու եւ Մայրենի լեզուի օրերը», յայտնած է «Արմէնփրէս»ի լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը:
«Եթէ մեզնից իւրաքանչիւրը միւսին գիրք նուիրի, ապա մեր գրքերի վաճառքը կը մեծանայ, դրանք կը դառնան բեսթսելեր եւ մարդիկ միմեանց կը նուիրեն լաւագոյնը՝ գիրքը: Գաղափարն ինքը շատ լաւն է», նշած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը: Արամ Անանեանը բացատրեց նաեւ վարկանիշի կազմութեան մեթոտաբանութիւնը: «Մենք տուեալները փորձում ենք ստանալ հէնց գիրքը վաճառողից: Այդ տուեալները մենք չենք փոփոխում, այնպէս, ինչպէս ստանում ենք, այդպէս էլ արտացոլում: Մենք նախագիծն անում ենք խղճի մտօք, ազնուօրէն՝ լաւը, ընթերցուողը, փնտռուողն ընթերցողին հասցնելու համար», ընդգծած է Արամ Անանեանը: «Արմէնփրէս»ին տնօրէնը նշեց, որ անհրաժեշտ է խրախուսել գիրքերու վաճառքը մարզերուն մէջ։ Մրցանակներու հաստատագիրներ տրուեցան վեց անուանակարգերու մէջ:
«Ժամանակակից հայ հեղինակ» նկատուեցաւ Վարուժան Ոսկանեան՝ իր «Շշուկների Մատեան» վէպով, տարուան արտասահմանեան ամէնէն աւելի վաճառուած գիրքը նկատուեցաւ Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ Երազները» վիպակը, որ իր երեք հրատարակութիւններով մնայուն կերպով տեղ գտած է վարկանշային աղիւսակին մէջ: Տարուան ամենապահանջուած թարգմանութիւնը կատարած է Յովհաննէս Այվազեանը՝ թարգմանելով Գաբրիէլ Կարսիա Մարքեսի «Վերյիշելով Իմ Տխուր Պոռնիկներս»ը գործը: «Բեսթսելերների տարուայ հրատարակի»չ դարձաւ «Անտարես»ը, «Տարուայ մանկական ստեղծագործութիւն՝ մայրենի լեզուով» անուանակարգին մէջ լաւագոյն նկատուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի «Մայրենի Լեզուի Դասը» ստեղծագործութիւնը: «Բուկինիստ» հրատարակչութեան «Մաշան Եւ Արջը. Առաջին Հանդիպումը» դարձաւ «Ամենապահանջուած թարգմանական մանկական ստեղծագործութիւն»: