
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2013ին 110 հազար իրանցի զբօսաշրջիկ այցելած է Հայաստան: 21 Փետրուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Մեխակ Ապրեսեանը: Անոր համաձայն՝ Հայաստանէն Իրան գացած է 5.4 հազար զբօսաշրջիկ:
Ան նշած է, որ 2009-2011 թուականներուն Իրանէն հայկական սահմանը անցած է 134 հազար մարդ: 2011-2013 թուականներուն զբօսաշրջիկներուն քանակը նուազած էր՝ իրանական ռիալի փոխարժէքի անկման պատճառով:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան նպատակներով եկող-ներու վիճակագրութիւն չի կատարուիր, սահմանը անցնող ոեւէ անձ կը նկատուի զբօսաշրջիկ։
Իր կարգին Իրանի մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան զբօսաշրջութեան բա-ժինի գլխաւոր տնօրէն Սէյետ Մոհամետ Նասապ յայտնած է, որ Հայաստան կը գտնուի առաջին անգամ ըլլալով, սակայն զայն իր երկրորդ տունը կը նկատէ: «Մենք հարիւրամեակներով հիւրընկալած ենք հայկական համայնքը, իսկ ես Հայաստանի մէջ տանս մէջ կը զգամ», ըսած է Նասապ: Ան յիշեցուցած է, որ երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ փոխըմբռնման յուշագիր կնքուած է 1999ին, սակայն որոշուած էր զայն ընդլայնել: Այդ նպատակով 19-21 Փետրուարին Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան աշխատանքային խումբի երկրորդ նիստ տեղի ունեցած է: Նասապ նշած է նաեւ, որ Իրանի մէջ հայ զբօսաշրջիկներու սակաւութիւնը պայմանաւորուած է տեղեկացուածութեան պակասով։ «Այդ խնդիրը կարելի է լուծել տեղեկատուական համակարգ ստեղծելով», աւելցուցած է ան։