ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութ եւ Ֆրանսայի Վիեն քաղաքներուն միջեւ 21 Փետրուարին ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր: Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վիենի քաղաքապետարանին մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն՝ Հադրութ քաղաքին անունով հռչակագիրը ստորագրած է աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, Վիէն քաղաքի անունով՝ քաղաքապետ Ժաք Ռեմիլյէն:
Հռչակագիրը կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը՝ ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն ստեղծելու ու զարգացնելու առնչուող, եւ անընդունելի կը նկատէ Արցախի ժողովուրդին մեկուսացումը: Անոր նպատակն է զարգացնել երկու քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապերը եւ խրախուսել համագործակցութիւնը կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.