
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Փետրուարին ընդունած է հերոսաբար զոհուած Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զինուոր Արմէն Յովհաննիսեանի ծնողները՝ Լեւոն եւ Մարինէ Յովհաննիսեանները:
Նախագահը անդառնալի նկատած է Արմէն Յովհաննիսեանի եւ հայրենի երկրի պաշտպանութեան համար նահատակուած բոլոր հայորդիներու կորուստը՝ միեւնոյն ատեն ընդգծելով, որ յանուն հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան ցուցաբերուող հերոսութիւնն ու անձնուիրութիւնը կը հանդիսանայ մեր ժողովուրդի յարատեւութեան կարեւորագոյն հիմքերէն մէկը: Հանդիպման ներկայ եղած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը: