
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 21 Փետրուարին Հայաստանի մէջ կայացած Կենսաթոշակային երրորդ միջազգային տարեկան համաժողովին ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆֆըրն դիտել տուած է, որ որեւէ երկրի դիմաց ծառացած ամէնէն դժուար բարեփոխումներէն մէկը կենսաթոշակային բարեփոխումն է: Այս է պատճառը, որ Հայաստանը ներգրաւած է միջազգային փորձագէտներ եւ տրամադրած է աւելի քան տասը տարի՝ մանրակրկիտ կերպով ընտրելով եւ ձեւաւորելով նոր կենսաթոշակային համակարգ, որ յարմարեցուած է Հայաստանի ժողովրդագրական եւ տնտեսական կարիքներուն:
«Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կը կարեւորէ իր յարաբերութիւնները Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին հետ: Մենք կ՛ընեն մեր կարելին՝ երկրի տնտեսական, ընկերային եւ ժողովրդավարական համակարգերու եւ հաստատութիւններու զարգացման աջակցելու համար: 13 տարի է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատի տեղական գործընկերներու հետ՝ Հայաստանի ընկերային պաշտպանութեան համակարգը բարեփոխելու համար, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով կենսաթոշակներուն: Մենք կ՛աշխատինք Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ, որպէսզի կառուցենք ընկերային ծառայութիւններու մատուցման կայուն եզրեր, եւ լայնածաւալ ընկերային բարեփոխումներ իրականացնենք», յայտնած է դեսպանը:
Անոր համաձայն, այս եզրերը անհատներու խնայողութիւններու եւ ներդրումներու պաշտպանութեան համար ձեւաւորուած գործընթացներու հետ յաջողութեամբ կը կիրարկուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:
Դեսպանը նշեց նաեւ, որ կենսաթոշակային բարեփոխումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ կ՛ազդէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ եւ քանի որ Հայաստան պէտք է ճամբայ գտնէ կենսաթոշակառուներու բարեկեցութիւնը աւելի լաւ ապահովելու համար: «Փոխուած են Հայաստանի զբաղուածութեան կառուցուածքը եւ ժողովրդագրութիւնը, եւ կենսաթոշակային համակարգը նոյնպէս պէտք է փոխուի:
Վերջապէս, ասիկա կարեւոր է, քանի որ նոր կենսաթոշակային համակարգը կարելիութիւն պիտի տայ աշխատողներուն՝ ձեւաւորելու իրենց կենսաթոշակը եւ անձամբ կուտակելու խնայողութիւններ: Այս բարեփոխումը կառավարութեան, միջազգային նուիրատուներու եւ փորձագէտներու տասը տարուան սերտ համագործակցութեան արդիւնք է: Իրականութիւնը այն է, որ Հայաստանի մէջ գործող ներկայի համակարգը երկար չի կրնար գոյատեւել: Փոփոխութիւնը, թէկուզ բարդ, սակայն անհրաժեշտ է: Կ՛ուզեմ մեր մնայուն աջակցութիւնը յայտնել այս բարեփոխման յաջող իրականացման առնչութեամբ եւ յոյս յայտնել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, գործատուներն ու աշխատողները իրականացնեն այս բարեփոխումները՝ ի շահ բոլորին», յայտնած է դեսպանը։