
Կազմակերպութեամբ «Վարդանի Ասպետներ եւ Դուստրեր»ուն եւ «Ֆէյսինկ Հիսթըրի էնտ Աուըրսելվզ» կրթական միջազգային կազմակերպութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրական մրցում մը տեղի պիտի ունենայ երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարանական ուսանողներու համար:
Շարադրութեան նիւթն է՝ «Հարիւրամեակի սեմին՝ աշխարհը ինչպէ՞ս պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը»:
Մրցանքին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց անգլերէն շարադրութիւնը (առաւելագոյնը 800 բառ, «Էրիըլ», թիւ 12 տառատեսակով, տողընդմէջ) ուղարկեն մինչեւ Մարտ 31, april24nyc@gmail.com հասցէին: Մասնակիցները պէտք է շարադրութեան իւրաքանչիւր էջի վրայ նշեն իրենց անունը, վարժարանին կամ համալսարանին անունը, ուսման մակարդակը եւ ճիւղը, հասցէն, հեռաձայնի թիւը եւ համացանցային հասցէն:
Արդիւնքը պիտի հրապարակուի Ապրիլ 8ի շաբթուան ընթացքին: Առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 300 տոլարի մրցանակ, իսկ երկրորդ ու երրորդ հանդիսացողները յաջորդաբար՝ 200 եւ 100 տոլարի: Լաւագոյն երեքին անունները պիտի յայտարարուին նաեւ Կիրակի, Ապրիլ 27ին, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին ընթացքին:
Կազմակերպիչներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.kofv.org եւ
www.facinghistory.org կայքերը: