Փարիզի հայ առաքելական Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ Փետրուար 16ին ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ քնացած պահուն սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին նուիրուած պատարագ մատուցուեցաւ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Հոգեւոր արարողութեան ներկայ եղան Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցչութեան, Ֆրանսայի հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ:
Պատարագի աւարտին մասնակիցները՝ Ֆրանսայի մօտ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ղեկավար կազմի գլխաւորութեամբ, երթով ուղեւորուեցան դէպի Փարիզի Երեւանեան այգի, ուր Կոմիտասի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ֆրանսահայերու անունով ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն: Նոյն օրը, առաւօտեան, Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին նուիրուած պատարագներ մատուցուեցան Մարսէյի, Լիոնի եւ հայաշատ այլ քաղաքներու հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ:
Նոյն օրը՝ Փետրուար 16ին, ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Մոսկուայի Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի նորակառոյց Ս. Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ եղան Մոսկուայի համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Ռուսաստանի Հայերու միութեան, «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան, «Արարատ» մշակութային միութեան ղեկավարութիւնը եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.