Իրաւաբանութեան Ուսանողներու Նուիրուած Աշխատանիստ «Սաութուեսթըրն»ի Մէջ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող Լոս Անճելըսի «Սաութուեսթըրն» իրաւաբանական համալսարանին մէջ ներկայիս մօտաւորապէս 150 ուսանողներ կը մասնագիտանան իրաւաբանութեան ճիւղին մէջ, եւ համալսարանը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ հայ համայնքին հետ իր երկարամեայ յարաբերութեան:
Նաեւ, համալսարանի Հայ իրաւաբանական ուսանողներու միութիւնը կը հանդիսանայ համալսարանէն ներս գործող ամենաաշխոյժ միութիւններէն մէկը:
Այս բոլորը նկատի ունենալով, համալսարանը իրաւաբանութեան հետեւելու նպատակ ունեցող հայ ուսանողներուն համար պիտի կազմակերպէ յատուկ աշխատանիստ մը՝ Շաբաթ, Մարտ 8ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2: Մասնակիցները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու համալսարանէն շրջանաւարտ յայտնի հայ դէմքերու եւ ներկայ ուսանողներու, ինչպէս նաեւ անձնակազմի անդամներուն հետ՝ մօտէն ծանօթանալով համալսարանի ծրագիրներուն:
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել ppalafox@swlaw.edu հասցէին կամ (213) 738-6834 թիւին: Համալսարանին հասցէն է 3050 Wilshire Boulevard, Los Angeles, CA: Համալսարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.swlaw.edu կայքը: