Դասական երաժշտութեան ձայնապնակներու արտադրութեան առաջատար ընկերութիւններէն «NAXOS»ը հրապարակ իջեցուցած է Առնօ Բաբաջանեանի դաշնամուրային մենանուագ ստեղծագործութիւններու ձայնասկաւառակը՝ «Babadjanian: Complete Works for Piano Solo» անունով: Մենակատարը ճանչցուած դաշնակահար, ՀՀ վաստակաւոր արտուեստագէտ Հայկ Մելիքեանն է: Բաբաջանեանի երաժշտութիւնը, շնորհիւ այս ընկերութեան, կը ներկայացուի միջազգային ունկնդիրին: «Բոլորիս համար նշանակալից եւ պատուաբեր իրադարձութիւն է այն, որ այնպիսի հեղինակաւոր երաժշտական ընկերութիւն մը, ինչպիսին է «NAXOS»ը, 2014թ. սկզբին, վերջապէս թողարկեց Առնօ Բաբաջանեանի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները՝ «Grand Piano» շարքում: Հայկ Մելիքեանի բաբաջանեանական կատարումները բոլորին էին յայտնի: Նա, գրեթէ իր բոլոր համերգային նուագացանկերում, ընդգրկում էր Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններից, եւ այս հանգամանքը դրդեց «NAXOS»ին անդրադառնալու հէնց Հայկ Մելիքեանի կատարմանը», նշում է դաշնակահարի գործավար Ալեքսանդր Յակոբեան:
Ձայնասկաւառակին յատկացուած յատուկ կայքէջի հասցէն է՝ www.naxos.com/ecard/grandpiano/gp674, իսկ զայն կարելի է գնել www.amazon.com կայքէն:
Դաշնակահարի պաշտօնական կայքին հասցէն է՝
www.haykmelikyan.com:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@haykmelikyan.com հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.