ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, Փետրուար 9ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի «Տարեցներու Տարի» հայրապետական պատգամը ընթերցուեցաւ թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Սրբազանը Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին հանդիսապետեց ու ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր պատգամը: Առաջնորդը Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց անոր համար, որ շաբաթասկիզբին ապահով վերադարձաւ Լիբանանէն, ուր Անթիլիասի մէջ մասնակցած էր Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու նիստերուն եւ սրբադասութեան յանձնախումբի ժողովին։ Ան նշեց, թէ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած ժողովներուն ընթացքին, յատուկ շեշտ դրուեցաւ սուրիահայութեան զօրակցութեան առաջնահերթ հրամայականին վրայ: Սրբազանը ողջունեց ներկայ հաւատացեալները, որոնց մէջ էին յատկապէս շրջանի Հայ տարեցներու միութեան անդամները եւ Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտութիւնը:
Առաջնորդը ապա ընթերցեց Հայրապետական գիրը, որով վեհափառը կը ներկայացնէ տարեցներուն տեղն ու դերը Աստուածաշունչին, եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, նաեւ անհրաժեշտօրէն կը յորդորէ զանոնք պատուել եւ անոնց հոգ տանիլ: Հայրապետը կը շեշտէ, որ թէ՛ Հին եւ թէ Նոր Կտակարաններուն մէջ տարեցները յատուկ տեղ գրաւած են Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրի իրականացման մէջ եւ նկատուած են խոհեմութեան, իմաստութեան, փորձառութեան եւ արդարամտութեան հոմանիշներ, հետեւաբար՝ ստանձնած են ղեկավարի պատասխանատուութիւններ: Վեհափառը նաեւ կը նշէ եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւններուն մէջ տարեցներու յատկացուցած կարեւոր տեղը՝ ներառելով տարեցներու յատուկ դերակատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան ու եկեղեցւոյ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: Արդարեւ, վեհափառը կոչ կ՛ուղղէ բոլորիս պաշտպանելու, յարգելու, մտիկ ընելու եւ հոգ տանելու տարեցներուն:
Առաջնորդը, վերահաստատելով պատմութեան եւ ընկերութեան մէջ մեր տարեցներուն արժէքը՝ յայտարարեց, թէ առաջնորդարանը եւ բոլոր ծուխերը ամբողջ տարուան ընթացքին համապատասխան կերպով պիտի նշեն տարեց սերունդին տարին, ինչպէս կատարած էին անցած տարի՝ Հայ Մօր Տարուան առթիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.