ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Քարֆուր»ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Քրիսթիան տը Նալ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ շուրջ վեց ամիսէն «Քարֆուր»ը ներկայացուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ որեւէ խոչընդոտ չկայ այդ մէկը իրականացնելու առումով: Պատասխանելով «Ազատութեան» լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք հարցեր պիտի չծագի՞ն՝ նկատի ունենալով, որ «Քարֆուր»ը կը փափաքէր ներկայացուած ըլլալ «Տալմա մոլ»ի մէջ, սակայն ատիկա կարելի չեղաւ ընել՝ Նալ ըսած է, որ այդ բոլորը անցեալին կը պատկանին, պէտք է ծրագրել ապագային համար։
Անոր համաձայն՝ հայաստանցիները կը սպասեն Հայաստանի մէջ «Քարֆուր»ի բացման։ «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք՝ զանոնք գոհացնելու համար», ըսաւ տը Նալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.